. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ ստորագրեցին 2-էն 16 մարտ խորհրդարանի արտակարգ նստաշրջան բանալու հրամանագիրը:
Հրամանագիրը այս նստաշրջանի իբրեւ աշխատանք ճշդեց խորհրդարանին ներկայացուած ու ներկայացուելիք օրինագիծերը, ինչպէս նաեւ այն բոլոր օրինագիծերը, առաջարկներն ու նախագիծերը, որոնք խորհրդարանի դիւանը կ՛որոշէ խորհրդարանին ներկայացնել:
. ԸՍՏ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան, կայ «համաձայնութիւն խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգման, եւ անոր զուգահեռ բարեփոխումներու թղթածրարի, Թաէֆի գործադրութեան եւ նախարարաց խորհուրդի վերադասաւորման շուրջ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Վերջերս, մասնաւորաբար վերջին 48 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցան զարգացումներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելը, զանոնք յետաձգելուն կամ խորհրդարանի նստաշրջանը երկարաձգելուն համեմատած, առաւելութիւն ձեռք կը բերէ, հակառակ այն իրողութեան, որ վերջին տարբերակը տակաւին կը քննարկուի»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Գահիրէի ժողովը ձեւական էր, եւ անոր նպատակը աւելի շատ ներկայ փուլին եգիպտական դերակատարութիւնը ցոյց տալն էր, առանց մինչեւ հիմա հաստատելու 5 մարտին Փարիզի խորհրդաժողովի եւ անոր արդիւնքներու օգտակարութիւնը այն պահուն, երբ շրջանը պատերազմի հեռանկարին պատճառով կ՛եռայ»:
. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթ. «Բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալը եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ռայետ Ապտալլան ներառող լիբանանեան պատուիրակութեան աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Գահիրէի մէջ կայացած նախապատրաստական հանդիպումը լիբանանեան բանակին աջակցելու Փարիզի խորհրդաժողովի ճամբան հարթող դրական մթնոլորտ ստեղծած է»:
. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան. «Հըզպալլան զինուորական գետնի վրայ պիտի չմիջամտէ, եթէ Միացեալ Նահանգներ Իրանին «սահմանափակ» հարուածներ հասցնեն»:
. ՖԻՆԻՒԼ-Ի բանբերը. «Մեր կարգ մը ուժերու հեռացումը, որ իրապէս տեղի ունեցաւ, կապ չունի մեր հեռացումին հետ, որ հետագային տեղի պիտի ունենայ: Ներկայիս տեղի ունեցող կամ անցնող ամիսներուն տեղի ունեցած հեռացումը ՄԱԿ-ի ելեւմտական տագնապին պատճառով էր»:
. ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատի աղբիւրները` անդրադառնալով նախարար Ռաժժիի խօսքին, «Տիար» օրաթերթին ըսած են. «Հանրապետութեան նախագահը ո՛չ ուղղակի, ո՛չ ալ անուղղակի սպառնալիքներ ստացաւ»:
. ԱԿԱՆԱՒՈՐ աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանեան պատասխանատու հեղինակութիւններուն տեղեկութիւնները կը յայտնեն, թէ տեղակայուած են սուրիական յաւելեալ ուժեր, որոնց շարքերուն մէջ կը գտնուին օտար զինեալներ, որոնք սահմանին վրայ սուրիական ուժերուն մէջ ներառուած են»:
. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի երէկուան ժողովի ընթացքին քննարկուած կարեւորագոյն նիւթը Սարտա-Մարժաայուն կէտին մէջ լիբանանեան բանակի անդամներուն նկատմամբ իսրայէլեան ոտնձգութիւնն էր»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Իսրայէլի իսկական խնդիրը քննարկել մերժելուն եւ գնդակը միշտ Հըզպալլան զսպելու կառավարութեան եւ բանակի թերացումի դաշտին մէջ նետելուն լոյսին տակ, Սիմոն Քարամի մասնակցութեամբ կամ ոչ տեղի ունեցող «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովներուն միջեւ որեւէ տարբերութիւն չկայ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Ամրա բլուրին վրայ հսկողութեան կէտի ստեղծումը մէկ մասն է ծրագիրին բանակի տեղակայումը ուժեղացնելու սահմանային ճեղքերու մէջ, որոնց միջոցով բռնագրաւման ուժերը կը ներթափանցեն Լիբանան, եւ ատոր նախորդած է Այթա Շաապէն մինչեւ Քֆարքիլա քանի մը կէտերու ստեղծումը»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին բանակին աջակցութեան Փարիզի խորհրդաժողովի նախապատրաստման Գահիրէի ժողովէն բացակայելուն համար ներկայացուցած արդարացումները ամերիկեան իսկական դիրքորոշումը չեն արտացոլացներ»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ վառելանիւթերու ցրուիչներու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա. «Կառավարութեան կողմէ տուրքերու յաւելումը մեծ ազդեցութիւն ունի քաղաքացիներուն վրայ, եւ վառելանիւթերու վաճառքը 30 առ հարիւրի անկում կրեց` համաշխարհային սղաճին եւ կառավարութեան կողմէ հաստատուած հարկին պատճառով»:


