Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Կ՛ուզենք, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունենան իրենց սահմանադրական ժամկէտին, առանց որեւէ երկարաձգման կամ յետաձգման, եւ ատիկա բոլոր լիբանանցիներու շահերէն կը բխի, որովհետեւ ընտրութիւններուն կայացումով անոնք իրենց ձգտումները կ՛արտայայտեն, սակայն գոյութիւն ունի Լիբանանին երկարաձգում պարտադրելու փորձ մը, որ կը կատարուի միջամտութեամբ օտար պետութիւններու, որոնք պաշտօնատարներու մօտ սկսան աշխատանք տանիլ ներկայ խորհրդարանի նստաշրջանի մեր...

Ընդունելով Դրամատուներու Միութեան  Պատուիրակութիւնը`  Սալամ. «Ելեւմտական Բացի Օրինագիծը  Խորհրդարանին Մէջ Կը Գտնուի»

Ընդունելով Դրամատուներու Միութեան Պատուիրակութիւնը` Սալամ. «Ելեւմտական Բացի Օրինագիծը Խորհրդարանին Մէջ Կը Գտնուի»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ ընդունեց Դրամատուներու միութենէն պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Սելիմ Սֆէյրի: Պատուիրակութիւնը վարչապետին ներկայացուց ուսումնասիրութիւն մը, որ միութեան յանձնարարութեամբ խորհրդատու մը պատրաստած է ելեւմտական բացի օրինագիծին շուրջ, որ կառավարութիւնը փոխանցեց խորհրդարանին: Պատուիրակութեան անդամները նաեւ ներկայացուցին օրէնքը իր ներկայ տեսքով գործադրելու առումով իրենց դիմագրաւած դժուարութիւնները: Սալամ վերահաստատեց այն սկզբունքները, որոնց հիմամբ կառավարութիւնը մշակած է օրինագիծը` նշելով, որ դրական տրամադրուած է...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան պետութիւնը առաւելագոյն ջանք կը թափէ Լիբանանը շրջանային պատերազմի հետեւանքներէն զերծ կացուցելու համար»: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Խաղին թելերը» լիբանանեան ձեռքերու մէջ չեն, եւ առաւելագոյնը, որ կարելի է կատարել, Ուաշինկթընի հետ դիւանագիտական խողովակները գործի լծելն է` փորձելով մեծ պայթումի ուրուականը հեռացնել»: . «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իշխանութեան դէմքերուն Հըզպալլայի...

Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»

Պըրրի. «Հնգեակին Մէջ Գոյութիւն Ունեցող Ընտրութիւններու Յետաձգման Մթնոլորտին Մասին Ըսածիս Մէջ Ոեւէ Դեսպանի Անուն Չնշեցի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գրասենեակը հաղորդեց, թէ յստակացնելու համար թերթերուն մէջ «Շարք Աուսաթ»-ին ընտրութիւններու յետաձգման շուրջ յայտարարութեան վերաբերեալ հրապարակուածը, Պըրրի յայտնած է. «Այն, ինչ որ ըսի, այն է, թէ Հնգեակին մէջ ընտրութիւնները յետաձգելու մթնոլորտ գոյութիւն ունի, եւ բացարձակապէս ոեւէ դեսպանի անուն չնշեցի, ո՛չ Հնգեակէն, ո՛չ ալ անկէ դուրս»:    

Պսաթ. «Գիները Բարձրացնելու Համար  Տուրքերու Շահագործումը Պիտի Չարտօնենք»

Պսաթ. «Գիները Բարձրացնելու Համար Տուրքերու Շահագործումը Պիտի Չարտօնենք»

Տնտեսութեան նախարար Ամեր Պսաթ Լիբանանի պետական լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներու եւ մասնաւորաբար զինեալ ուժերու անդամներու ամսականները բարձրացնելու հարցին շուրջ ազգային միասնականութիւն գոյութիւն ունի: «Ամսականներու յաւելումը մեծ ծախս է (800 միլիոն տոլար) պետութեան համար, որ ստիպուած է այդ ծախսին եկամուտները ապահովել», ըսաւ ան` նշելով. «Ծախսերը առանց եկամուտներու ապահովման բարձրացնելը տնտեսական տագնապ կը ստեղծէ եւ սղաճն ու...

Շէյխ Քասեմ. «Ինքնապաշտպանութեան  Իրաւունքը Օրինական Է»

Շէյխ Քասեմ. «Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքը Օրինական Է»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղարներ սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Սայետ Հաշեմ Սաֆիէտտինի յուղարկաւորութեան միամեակին առիթով «Ահտ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այս գաղափարական, հայրենասէր ու նուիրաբերող Դիմադրութիւնը չի կրնար պարտութեան մատնուիլ, որովհետեւ իրաւունքի վրայ եւ իրաւունքի համար հիմնուած է, իսկ Դիմադրութեան հաւատացողները նահատակութեան ճամբով յաղթանակի կամ յաղթանակի ժողովուրդն են»: «Թրամփի «Ուժի ճամբով խաղաղութիւն» նշանաբանը կը նշանակէ...

Շէյխ Տրիան. «Լիբանանը Համաձայնութեան  Ու Հաւասարակշռութեան, Բազմազանութեան  Ու Բազմակարծութեան Հայրենիք Է»

Շէյխ Տրիան. «Լիբանանը Համաձայնութեան Ու Հաւասարակշռութեան, Բազմազանութեան Ու Բազմակարծութեան Հայրենիք Է»

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտելլաթիֆ Տրիան ի պատիւ իրեն մեծարանքի իֆթարի մը ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանը համաձայնութեան, հաւասարակշռութեան, բազմազանութեան եւ բազմակարծութեան հայրենիք է եւ կը գրկէ իր բոլոր զաւակները` անոնց տարբեր համայնքներով, յարանուանութիւններով ու քաղաքական պատկանելիութեամբ: Այս Լիբանանը ձեր դիմաց է, դուք էք Լիբանանը, եւ մենք այս սիրելի երկրին ու սիրելի հայրենիք Լիբանանի մէկ հիմնական մասն ենք: «Միշտ կրկնեցինք, թէ, որպէսզի հայրենիքը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Այսօր Եգիպտոսի մէջ բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովի նախապատրաստական խորհրդաժողովը իր թափին մեծ մասը կորսնցուց, երբ շարք մը երկիրներու, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանները յայտնեցին, որ պիտի չկարենան ներկայ գտնուիլ, եւ բաւարարուեցան միայն ներկայացուցիչներ ուղարկելով»: . «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանական ընտրութիւնները յետաձգելու նոր առաջարկներու շարքին է զանոնք կառավարութեան ճամբով յետաձգելը` հիմնուելով վարչապետ Սալամի Թաէֆի համաձայնագիրը ամբողջութեամբ...

Լիբանանի Եւ 13 Այլ Երկիրներու Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւնները Կը Դատապարտեն  Թել Աւիւի Մէջ Միացեալ Նահանգներու  Դեսպանին Յայտարարութիւնը

Լիբանանի Եւ 13 Այլ Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնները Կը Դատապարտեն Թել Աւիւի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Յայտարարութիւնը

14 Արաբական ու իսլամական պետութիւններ, ներառեալ Լիբանանը, միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեցին Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքիպիի այն յայտարարութիւնը, թէ Իսրայէլ Եփրատ գետէն մինչեւ Նեղոս գետ երկարող շրջանին տիրելու թորայական իրաւունք ունի: «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Եգիպտոսը, Յորդանանը, Ինտոնեզիան, Փաքիստանը, Թուրքիան, Սէուտական Արաբիան, Պահրէյնը, Քաթարը, Սուրիան, Պաղեստինը, Քուէյթը, Լիբանանը, Օմանը, Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի դիւանը, Արաբական լիկան եւ Իսլամական համագործակցութեան...

Նախագահ Աուն Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին  Ու Գահաժառանգին Շնորհաւորական Նամակ Յղեց

Նախագահ Աուն Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին Ու Գահաժառանգին Շնորհաւորական Նամակ Յղեց

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտելազիզ թագաւորն ու գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտելազիզը շնորհաւորեց Սէուտական Արաբիոյ 299-րդ «Հիմնադրութեան օր»-ուան առիթով` նշելով, որ այս տօնը «կը մարմնաւորէ սէուտական պետութեան պատմական արմատներու խորութիւնն ու երեք դարերու վրայ տեւողութիւնը»: Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց «թագաւորութեան դերը շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման մէջ եւ արաբական պետութիւններու բարգաւաճման աջակցութիւնը, եւ անոր...

Պըրրի. «Հնգեակի Դեսպանները Ինծի  Անկեղծօրէն Ըսին, Թէ Ընտրութիւններու  Յետաձգումը Կը Նախընտրեն»

Պըրրի. «Հնգեակի Դեսպանները Ինծի Անկեղծօրէն Ըսին, Թէ Ընտրութիւններու Յետաձգումը Կը Նախընտրեն»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ Հնգեակի դեսպաններ իրեն անկեղծօրէն ըսած են, թէ ընտրութիւններու յետաձգումը կը նախընտրեն, սակայն ինք պատասխանած է, որ կը շարունակէ անոնց կայացման ուղղութեամբ աշխատիլ եւ չի զօրակցիր անոնց թեքնիք յետաձգման կամ խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգման: Պըրրի շեշտեց. «Սահմանադրական գործողութիւնները յետաձգելու եւ զանոնք իրենց ժամկէտին չկատարելու որեւէ արդարացուցիչ պատճառ չկայ. այսօր առաջնահերթը...

Ֆայիատ. «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի  Ժողովները Դատարկ Եւ Կասկածելի Են»

Ֆայիատ. «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Ժողովները Դատարկ Եւ Կասկածելի Են»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայիատ յայտնեց. «Իսրայէլացի թշնամին այս օրերուն իր շարունակուող յարձակումին մէջ մագլցում կ՛արձանագրէ եւ Պեքայի մէջ ջարդ կը գործէ` թիրախաւորելով խիտ բնակչութիւն ունեցող թաղամասերու մէջ քաղաքային տուներ, ինչ որ 10 նահատակներու կեանքերը խլեց եւ շուրջ երեսուն վիրաւոր պատճառեց: «Այն, ինչ որ այս մարտական մագլցումէն վտանգաւոր է, իսրայէլեան պաշտօնական դիրքորոշումն է: Թշնամին յայտարարեց լիբանանեան հողերուն մէջ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՂԲԻՒՐ մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, որ Հըզպալլան իրանեան խնդրանքով մասնակցի որեւէ հաւանական պատերազմի եւ օգտագործէ թիրախահար հրթիռներ, որոնք Կազայի թիկունք կանգնելու պատերազմի ընթացքին վնասազերծուեցան»: . ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Հըզպալլայի մէջ գոյութիւն ունի երկու ուղղուածութիւն` պատերազմի մը մէջ ներքաշուելէ խուսափելու եւ կուսակցութիւնն ու Լիբանանը անկէ զերծ կացուցելու ուղղուածութիւնը, եւ մէկ այլ ուղղուածութիւն, մասնաւորաբար ժիհատական խորհուրդէն անձնաւորութիւններու մօտ,...

Իսրայէլեան Յարձակում Այն  Հելուէ Գաղթակայանին Վրայ

Իսրայէլեան Յարձակում Այն Հելուէ Գաղթակայանին Վրայ

Իսրայէլեան բանակը երէկ կէսօրէ ետք յարձակում գործեց հարաւային Լիբանանի մէջ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին վրայ: Իսրայէլեան բանակի բանբեր Իլա Ուաուիէ յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակը քիչ առաջ Հարաւային Լիբանանի Այն Հելուէ շրջանին մէջ յարձակում գործեց կեդրոնատեղիի մը վրայ, ուր կը գործէին Համասի անդամներ»: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ յարձակումին հետեւանքով երկու զոհ արձանագրուած է: Նախքան այդ, պաղեստինեան աղբիւր մը «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած...

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

Երեսփոխան Թերզեան Օրինագիծ Կը Ներկայացնէ Թուային Մասնագիտացած Նիւթերու Տարածման Կազմակերպման Մասին

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան օրինագիծ մը ներկայացուցած է թուային մասնագիտացած նիւթերու հրապարակման կազմակերպման մասին: Թերզեան իր օրէնսդրական այս քայլը կը հիմնաւորէ անով, որ ընկերային ցանցերու եւ հարթակներու արագընթաց տարածման պայմաններուն մէջ, այնպիսի ձեւով, որ անոնք ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի առօրեայ կեանքին մէջ մտան, թուային համակարգը դարձած է հիմնական աղբիւր` տեղեկութիւններուն հաղորդ դառնալու եւ կարծիք ձեւաւորելու: Սակայն այս յառաջընթացը...

Պայրագտարեան Ընդունեց Յունաստանի Դեսպանը

Պայրագտարեան Ընդունեց Յունաստանի Դեսպանը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Տեսփինա Քուքուլոփուլուն եւ անոր հետ քննարկեց երկու բարեկամ երկիրները հետաքրքրող ընդհանուր հարցեր: Պայրագտարեան գնահատեց Լիբանանի եւ Յունաստանի միջեւ տեւական լաւ յարաբերութիւնները եւ դեսպանին հետ քննարկեց երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ոլորտներն ու հորիզոնները, ինչպէս նաեւ ծրագիրներ, որոնց նպատակը երկու երկիրներու երիտասարդներուն եւ մարզիկներուն...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան  Երեսփոխանական Պլոքի Պըրրիի Հետ  Հանդիպումէն Ետք  Ռաատ. «Ընտրապայքարը Միասին Պիտի Մղենք»

Դեսպան Բաղդասարեան-Վարչապետ Սալամ Հանդիպում

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմեն Բաղդասարեան 19 փետրուարին հանդիպում ունեցած է վարչապետ Նաուաֆ Սալամի Հետ: Այս մասին հաղորդեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմատետրեան էջը: Դեսպան Բաղդասարեան հանդիպումի ընթացքին վերահաստատած է հայկական կողմի յանձնառութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման, համագործակցութեան նոր ուղղութիւններու իրականացման հարցին մէջ: Վարչապետ Սալամ յաջողութիւն մաղթած է դեսպան Բաղդասարեանին իր առաքելութեան մէջ` դեսպանատան աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնելով:  

Սալամ. «Քաղաքացիութեան Ճգնաժամը  Անհատի` Իր Համայնքային Պատկանելիութենէն  Անկախ Իրաւունքի Քաղաքական Ճանաչման Բացակայութիւնն Է»

Սալամ. «Քաղաքացիութեան Ճգնաժամը Անհատի` Իր Համայնքային Պատկանելիութենէն Անկախ Իրաւունքի Քաղաքական Ճանաչման Բացակայութիւնն Է»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց. «Կարելի է անցնիլ սահմանադրութեան 22-րդ յօդուածին մէջ նշուած երկպալատային խորհրդարանի դրութեան, որուն հիմամբ համայնքային ներկայացուցչութիւնը կը սահմանափակուի Ծերակոյտին մէջ եւ խորհրդարանը կ՛ազատի համայնքային սահմանափակումէն` ազգային մասնակցութիւնը ապահովելու, աւելի ճիշդ` քաղաքացիական մասնակցութիւնը ապահովելու համար»: Սալամ «Քաղաքացիութիւնն ու պետութեան գերիշխանութիւնը. ներկայ իրավիճակն ու ապագայի հորիզոնները» խորագիրով խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Պէտք է դիմենք սահմանադրութեան 95-րդ...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան  Երեսփոխանական Պլոքի Պըրրիի Հետ  Հանդիպումէն Ետք  Ռաատ. «Ընտրապայքարը Միասին Պիտի Մղենք»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Երեսփոխանական Պլոքի Պըրրիի Հետ Հանդիպումէն Ետք Ռաատ. «Ընտրապայքարը Միասին Պիտի Մղենք»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ երկու կողմերու դիրքորոշումները կը համընկնին, եւ յայտարարեց, թէ «բոլոր ուղղութիւններով» ընտրապայքարը միասին պիտի մղեն: Ան յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է, որ «ազգային երկեակը հարթակ մը ըլլայ, որ բոլոր մարտահրաւէրներու դիմակայման հիմք կը դնէ»: Ռաատ նաեւ...

Ժահժահ Սթրիտա Ժահժահի Եւ Ժոզեֆ Իսհաքի  Թեկնածութիւնները Առաջադրեց Եւ Ընտրական  Մեքենայի Աշխատանքին Մեկնարկը Յայտարարեց

Ժահժահ Սթրիտա Ժահժահի Եւ Ժոզեֆ Իսհաքի Թեկնածութիւնները Առաջադրեց Եւ Ընտրական Մեքենայի Աշխատանքին Մեկնարկը Յայտարարեց

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Պշարրի գաւառին մէջ մարոնիական երկու աթոռներուն Սթրիտա Թոք -Ժահժահի եւ նախկին երեսփոխան Ժոզեֆ Իսհաքի թեկնածութիւնը առաջադրեց` ազդանշանը տալով գաւառին մէջ ընտրապայքարի պաշտօնական մեկնարկին: «Այս ընտրութիւնները սովորական հոլովոյթ մը չեն, այլ պետութեան վերատիրացման եւ անոր գերիշխանութեան ամրապնդման առանցքային փուլ մը, եւ Պշարրին էր եւ միշտ պիտի մնայ պետութեան ծրագիրի պաշտպանութեան պարագլուխը», ըսաւ ան: «Յառաջիկայ պայքարը...

Page 51 of 985 1 … 50 51 52 … 985

Արխիւներ