. ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրամիջոցներու ոլորտի միութիւններու եւ սենտիքաներու նախագահ Պասսամ Թլէյս. «Կոչ կ՛ուղղեմ մեծաթիւ մասնակցութիւն բերելու վաղուան քայլին, որ լիբանանեան բոլոր հողերը պիտի ներառէ»:
Ան մաղթեց, որ քայլը սահմանափակուի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակով` նշելով, որ պիտի ըլլան մեկնումի երեք կէտեր` Տորան, Թայյունէի հրապարակ, քուէյթեան դեսպանատուն եւ Ռիատ Սոլհ:
Թլէյս հանրային փոխադրամիջոցներու վարորդներուն կոչ ուղղեց` պաշտօնական որոշումի հրապարակումէն առաջ գիները չփոխելու` նշելով. «Յանցանքը մարդոց չէ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Նկատի ունենալով Հըզպալլայի զէնքէն ձերբազատուելու իսրայէլեան սպառնալիքներու առօրեայ մագլցումը եւ լիբանանեան թատերաբեմի նկատմամբ բռնի ուժի կիրարկումը, Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմը որեւէ պահու չի բացառուիր»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Իսրայէլի ուզածը ապահովական ծրագիրէն անդին անցնիլն է, այսինքն` տնտեսական շրջանին շուրջ ապահովական եւ տնտեսական համակարգումը, բան մը, որ Լիբանան չ՛ուզեր, եւ այս է յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ ապահովական համաձայնութեան հասնելու տարբերութիւնը»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Լիբանանեան թղթածրարը երկուշաբթի օր Ժետտայի մէջ Սիսի-Պըն Սալման բանակցութիւններու սեղանին վրայ էր, եւ վերջինս անդրադարձաւ Հըզպալլայի քաղաքական գետնի վրայ լուսանցքայնացումը իրագործելու ներկայ առիթները օգտագործելու անհրաժեշտութեան»:
. ԵԳԻՊՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Գահիրէի ամրագրել փորձած հաւասարակշռութիւնը հիմնուած է բանակի հզօրացման վրայ, որպէսզի վերջինս դառնայ լիբանանեան ազգային անվտանգութեան միակ երաշխաւորը, ինչ որ զէնքը անոր յանձնելը կը դարձնէ հաստատութենական աստիճանական հոլովոյթի մը բնական արդիւնքը, եւ ոչ թէ ներքին ճակատումի մը արդիւնքը»:
. ՏԵՂԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնած են, թէ Սուրիա-Լիբանան սահմանին վրայ գտնուող Քուսէյր քաղաքին մէջ վերջին 48 ժամուան ընթացքին զինուորական աշխուժ շարժումներ նկատուած են: Ուզպեքներէ բաղկացած յաւելեալ ուժեր տեղակայուած են քաղաքին մէջ եւ անոր մերձակայքը գտնուող տարբեր կէտերու վրայ:
Լիբանան-Սուրիա սահմանին փափուկ կէտը նկատուող Քուսէյր շրջանին մէջ վերջին անգամ այս ծաւալով ապահովական պատրաստուածութիւն նկատուած էր օգոստոսի երկրորդ շաբթուան ընթացքին:
. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ». «Տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու ճակատագիրը մինչեւ այս պահս անորոշ կը մնայ, սակայն հաստատը այն է, որ այդ որոշումը կառավարութիւնը պիտի չտայ, այլ խորհրդարանը, եւ անոր «հիմը» պատրաստուած է երեսփոխան Ատիպ Ապտելմասիհի ներկայացուցած օրինագիծի առաջարկով»:
. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ» կը նշէ, որ վարչապետարանի շրջանակները, անդրադառնալով խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգման պարագային նախարարական սահմանափակ բարեփոխման, կ՛ըսեն. «Տակաւին կանուխ է», սակայն այդ հարցը մինչեւ հիմա նեղ քուլիսներու մէջ բաւական լուրջ վերաբերմունք կը ստանայ:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Նաշրա» կայքին յայտնած են, որ նախագահ Աուն «նախ եւ առաջ կը պահանջէ սահմանադրական ժամկէտներու յարգում, յատկապէս այն պատճառով, որ ընտրութիւններու յետաձգումը ոչ միայն անոր նախագահական նստաշրջանը պիտի խաթարէ, այլ նաեւ պետութիւնը պիտի ճեղքռտէ»: Հետեւաբար կը մերժէ առաջարկուող փոխզիջումներու վերաբերեալ քաղաքական առեւտուրը: Անոր կարծիքով, պարտականութիւնը կը պահանջէ սահմանադրական ժամկէտներու յարգում, մանաւանդ որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները անցեալ տարի տեղի ունեցան նմանատիպ ներքին պայմաններու մէջ, ուստի ի՞նչ փոխուած է:
Նոյն աղբիւրները աւելցուցած են, որ նախագահ Աունի դիրքորոշումը կը մնայ անսասան, ինչ որ կը պահանջէ, որ խորհրդարանական պլոքները տէր կանգնին իրենց ազգային պատասխանատուութեան:
. ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Մնասսա. «Համաթի ռազմակայանը լիբանանեան ռազմակայան մըն է, որ կը պատկանի լիբանանեան բանակի օդուժին, եւ ոչ մէկ այլ կողմ անոր մէջ որեւէ իշխանութիւն կամ իրաւասութիւն ունի, որ լիբանանեան օրէնքներէն ու կանոններէն վեր է»:


