Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 2, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

.«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթի եւ «Էլ.Պի.Սի.»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Լիբանան տեղեակ պահուեցաւ Փարիզի մէջ լիբանանեան բանակին աջակցութեան խորհրդաժողովի յետաձգման մասին, եւ Մաքրոն նախագահ Աունի պիտի հեռաձայնէ պաշտօնապէս փոխանցելու համար, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ կարելի չէ խորհրդաժողովը գումարել եւ պէտք է զայն յետաձգել»:

. «ԺԱՏԻՏ». «Սէուտական Արաբիոյ Եզիտ Պըն Ֆարհան իշխանը հեռաձայնեց լիբանանցի ղեկավարներու եւ Հնգեակ յանձնախումբի անդամներուն` Լիբանանը զերծ կացուցելու համար որեւէ հակամարտութեան մէջ ներքաշուելէ»:

«Ժատիտ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն. «Միջազգային ընտանիքը գոհունակութիւն կը յայտնէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Սալամի Լիբանանը պատերազմէն զերծ կացուցելու խստութեան նկատմամբ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Բանակը պիտի ստանայ շուրջ միլիառ տոլարի օժանդակութիւններ, ըլլայ այդ դրամական տեսքով կամ զէնքերու, փոխադրամիջոցներու, մարզումի, վերապատրաստման եւ այլ կարիքներու տրամադրման առումով»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Այն մտավախութիւնն ունինք, որ խորհրդարանի արտակարգ նիստի բացումը յայտարարելը ընտրութիւններու յետաձգումը պահանջողներուն առիթ ընծայէ խորհրդարանի նստաշրջանը երկու տարիով երկարաձգելու»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Յառաջիկայ շաբաթ թեկնածութիւններու մեծաթիւ առաջադրումներ պիտի կատարուին, սակայն, եւ հակառակ քաղաքական ուժերուն ընտրութիւններուն հետ այնպէս վարուելուն, թէ անոնք իրենց ժամկէտին պիտի կայանան, տակաւին չէ ճշդուած, թէ, այդ ընտրութիւնները ի՛նչ ընտրական օրէնքով պիտի կայանան»:

. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սալամի խորհրդարանի արտակարգ առաջին նիստէն անմիջապէս ետք արտակարգ երկրորդ նիստ մը բանալուն նպատակը լուծումի հաւանականութիւններուն` ընտրութիւններու կայացման կամ խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգման դիմաց դուռը բաց պահելն է»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Ասաս»-ին. «Խորհրդարանի աշխատանքը ամբողջ ամիս մը առկախելու թեզը անխուսափելիօրէն կը նշանակէ օրինական ժամկէտներու մէջ մտնել եւ ներքին գործոց նախարարութեան ստիպուիլ խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարել, այլապէս թեկնածուները յաղթական կը յայտարարուին մրցակիցի չգոյութեան պատճառով»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտուն»-ին. «Քարամէին փոխանցուեցաւ, թէ Սէուտական Արաբիան կը զօրակցի ընտրութիւններու յետաձգման: Քարամէի եւ Ռիատի միջեւ յարաբերութիւնները վերջին շրջանին այնքան սերտացան, որ ան ընտրութիւններու վերաբերեալ իր ընտրանքները չի մշակեր առանց սէուտցի պատուիրակ Եզիտ Պըն Ֆարհան իշխանի հետ խորհրդակցելու»:

. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Անընդունելի է, որ Լիբանանը այս պատերազմին մէջ իր ճակատագիրը չգիտնայ: Պահանջուածը այս անորոշութիւնը վճռելն է, մանաւանդ որ Հըզպալլան հարցը առկախ պահեց, երբ ըսաւ, թէ պիտի չմիջամտէ, եթէ պատերազմը սահմանափակ ըլլայ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի վերջին ժողովը սպասուածին չափ չէր, մանաւանդ իսրայէլեան պատուիրակութեան բացակայութեան լոյսին տակ, որ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի դերակատարութեան վերջ տալու Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը վայելող ծրագիրի ծիրին մէջ է»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Իսկական անկախութիւնը կը պահանջէ Գերագոյն դատական խորհուրդը ընտրել` դատաւորներու ամբողջական անդամներով, եւ կառչիլ այն սկզբունքին, «միայն դատական խորհուրդին շնորհուի դատաւորներու նշանակումներ կատարելու լիազօրութիւնը` լիակատար ելեւմտական անկախութենէն բացի»:

Նախորդը

Միջին Արեւելքի Երկիրներուն Մէջ Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ունեցող Զոհեր Չկան

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Ասիկա Երկարատեւ Պատերազմ Է` Հետեւանքներով, Զորս Կարելի Չէ Երեւակայել. Միայն Ազգային Միասնութիւնը Մեզ Կը Պաշտպանէ»

RelatedPosts

Իսրայէլեան Յարձակումներու  Սաստկացման Զուգահեռ.  Դիւանագիտական Սերտ Շփումներ  Յաւելեալ Թափ Կ՛առնեն
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Յարձակումներու Սաստկացման Զուգահեռ. Դիւանագիտական Սերտ Շփումներ Յաւելեալ Թափ Կ՛առնեն

March 9, 2026
Սուրիոյ Նախագահ Ահմետ Շարեհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Վարչապետ Սալամի Հետ
Լիբանանեան

Սուրիոյ Նախագահ Ահմետ Շարեհ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Վարչապետ Սալամի Հետ

March 9, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.