. ԵՐԷԿ երեկոյեան իսրայէլեան բանակի բանբերը դարձեալ ազդարարած է հարաւային Լիբանանի, յատկապէս Սուրի բնակիչները հեռանալու որոշ վայրերէ` թելադրելով մօտիկ ապագային չվերադառնալ:
. ԻՍՐԱՅԷԼ երէկ անակնկալ յարձակում գործեց Սայտայի Պասաթին թաղամասին մէջ Ժամաա իսլամիայի մէկ կեդրոնին վրայ, արձանագրուեցան կարգ մը վիրաւորներ եւ նիւթական կորուստներ:
. ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Հանին Սէյիտ երէկ երեկոյեան դարձեալ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ, որուն ընթացքին ան թուեց լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ տեղահանուածներու հիւրընկալման համար յառաջացուած ապաստանարան-կեդրոններու թիւերը: Նախարար Սէյիտ յայտնեց, որ օգտագործուող կեդրոններէն տակաւին 52 կեդրոն ձեռնտու է նոր տեղահանուածներ հիւրընկալելու: Ան թելադրեց, որ այլ տեղահանուածներ դիմեն Լեռնալիբանանի թէ այլ կեդրոններ: Սէյիտ նաեւ թուեց, որ ցարդ արձանագրուած են 40 զոհ, 246 վիրաւոր եւ 259 յարձակման քայլեր իսրայէլեան ուժերու կողմէ:
. ԱՖՓ-ի մէկ պատասխանատուին համաձայն, Իսրայէլ կը միտի արգելակիչ գօտի ստեղծել հարաւային Լիբանանի սահմանին մօտ: Զինուորական աղբիւրի մը վերագրելով իր տեղեկութիւնները` նշեալ պատասխանատուն մտավախութիւն յայտնեց, որ Իսրայէլ կը միտի «ապահովական ընդարձակ գօտի» հաստատել հարաւային սահմանին մօտ:
. ԿՐԹԱԿԱՆ հաստատութիւնները մինչեւ այս շաբաթավերջ փակ պիտի մնան համապատասխան նախարարութեան որոշումով:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ թեր ու դէմ կարծիքներ շրջեցան երեսփոխանական ընտրութեանց յետաձգման հաւանականութեան գծով: Այս ծիրին մէջ լիբանանեան «Օ.ԹԻ.ՎԻ» պատկերասփիւռի կայանը յայտնեց, որ ճիգեր կը տարուին խորհրդարանի հապճեպ նիստ գումարելու եւ այս հարցը վճռելու գծով:


