Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քասեմ Եւ Պըրրի Կը Գուժեն Խամենէի Սպանութիւնը

March 2, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով գուժեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի մահը:

«Մենք` Հըզպալլայի եւ Լիբանանի իսլամական դիմադրութեան մէջ, Խումէյնիի այս իսկական ուղիի բոլոր կողմնակիցներուն հետ, պիտի շարունակենք այս ուղին անսասան վճռականութեամբ եւ նահատակութեան ոգիով, որ չի ճանչնար յոգնածութիւն կամ ձանձրոյթ, եւ նուաստացում չ՛ընդունիր: Մենք միշտ պիտի ըլլանք ժիհատականներու առաջին գիծին վրայ` երկրի եւ ժողովուրդի ազատագրման համար, հետեւելով ազգի նահատակներու պետին` սէյիտ Հասան Նասրալլայի ուղիին: Մենք մեր պարտականութիւնը պիտի կատարենք` դիմակայելով յարձակումը` վստահ ըլլալով Աստուծոյ յաղթանակին, առաջնորդութեան եւ աջակցութեան», նշեց շէյխ Քասեմ:

«Անկախ զոհողութիւններէն, մենք պիտի չլքենք արժանապատուութեան եւ դիմադրութեան դաշտը, ինչպէս նաեւ պիտի չհրաժարինք ամերիկեան բռնապետութեան եւ սիոնական յարձակումին դիմակայումէն` մեր հողը, մեր արժանապատուութիւնն ու մեր անկախ ընտրանքները պաշտպանելու համար», յայտնեց ան:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը Խամենէիին խոստացաւ հաստատ մնալ անոր երթին ու ուղիին վրայ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին յայտարարեց. «Սայետ Խամենէիի նահատակութիւնը կը գուժենք ազգին, աշխարհի ազատ մարդոց եւ իմաստուն կրօնական իշխանութիւններուն, եւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Իրանի ժողովուրդին, անոր ընտանիքին ու հետեւորդներուն»:

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Ասիկա Երկարատեւ Պատերազմ Է` Հետեւանքներով, Զորս Կարելի Չէ Երեւակայել. Միայն Ազգային Միասնութիւնը Մեզ Կը Պաշտպանէ»

Յաջորդը

Սալամ. «Բոլոր Լիբանանցիներուն Կոչ Կ՛ուղղեմ` Խոհեմ Ու Հայրենասէր Ըլլալու Եւ Լիբանանի Ու Լիբանանցիներուն Շահերը Դասելու Որեւէ Հաշիւէ Վեր»

RelatedPosts

Պատերազմի Զարկերու Մթնոլորտին Մէջ.  Լիբանան Քաղաքական Եւ Դիւանագիտական Քայլերով Կը Հակադարձէ Իսրայէլի  Ներխուժման Ընչաքաղց Ախորժակներուն
Գլխաւոր լուրեր

Պատերազմի Զարկերու Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանան Քաղաքական Եւ Դիւանագիտական Քայլերով Կը Հակադարձէ Իսրայէլի Ներխուժման Ընչաքաղց Ախորժակներուն

March 5, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիան Լիբանանի Հետ Իր Սահմաններուն Վրայ  Ուժ Կուտակած Է. Գոյութիւն Ունին Լիբանանեան  Ներթափանցման Վերաբերեալ Եւրոպական  Ու Լիբանանեան Մտավախութիւններ
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիան Լիբանանի Հետ Իր Սահմաններուն Վրայ Ուժ Կուտակած Է. Գոյութիւն Ունին Լիբանանեան Ներթափանցման Վերաբերեալ Եւրոպական Ու Լիբանանեան Մտավախութիւններ

March 5, 2026
Տեղահանուածներու Իրավիճակը Առանցքային Գլուխ`  Պատկան Մարմիններու Քննարկումներու Ընթացքին
Լիբանանեան

Տեղահանուածներու Իրավիճակը Առանցքային Գլուխ` Պատկան Մարմիններու Քննարկումներու Ընթացքին

March 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.