Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
- ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին կը հաստատեն, որ Ուաշինկթընի մէջ 22 յունիսին նախատեսուած Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւնները տակաւին ի զօրու են: - ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Խրէյս «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին կ՛ուզէ վստահ ըլլալ նախքան հարաւցիներուն ուղղուած հաղորդագրութիւն մը հրապարակելը, եւ «Դեղին գիծ»-ին սահմանակից գիւղերու բնակիչները պէտք չէ վերադառնալու շտապեն»: -ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Բնակիչները պէտք չէ շտապեն հարաւային...



















