Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ առաւօտեան յայտարարեց, որ բանակային միաւորները առաւօտեան սկսած են տեղակայուիլ հարաւային Լիբանանի Նապաթիէ գաւառի Զաութար Ղարպիէ գիւղին մէջ` հիմնուելով Լիբանանի յատուկ զինուորական համակարգումի խմբակին հետ հաղորդակցութիւններու վրայ:
Բանակը քաղաքացիներուն վերստին կոչ ուղղեց` մինչեւ ապահովական կացութեան կայունացումը գիւղ չուղղուելու եւ հետեւելու տեղակայուած զինուորական միաւորներուն ցուցմունքներուն` պահպանելու համար իրենց անվտանգութիւնը:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը աւելի ուշ ալ յայտարարեց, թէ բանակէն մասնագիտական միաւորներ Զաութար Ղարպիէ գիւղին մէջ չպայթած զինամթերք կը պայթեցնեն:
Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը նշեց. «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ` երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ Իսրայէլ սկսած է հարաւային Լիբանանի մէջ իր բռնագրաւած շարք մը գիւղերէն հեռանալ: Այս սահմանափակ հեռացումը մաս կը կազմէ «փորձնական շրջան»-ի վերաբերեալ անցեալ շաբաթ Հռոմի մէջ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ կնքուած համաձայնութեան, որ խորքին մէջ լայնածաւալ հեռացման գործողութիւններու փորձնական բնորդ մը կը ներկայացնէ»:
«Ասիկա անցեալ մարտին Հըզպալլայի շղթայազերծած յարձակումներուն իբրեւ հակադարձութիւն ցամաքային ներխուժման սկիզբէն ի վեր լիբանանեան հողերէն առաջին իսրայէլեան հեռացումը կը նկատուի», նշեց կայքը:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին նշած է. «Լիբանանեան բանակը պիտի ստանձնէ պատասխանատուութիւնը այս շրջաններուն, ուր աշխատանք պիտի տանի զանոնք Հըզպալլայի զէնքերէն ու ենթակառոյցէն դատարկելու եւ գործադրելու մաքրման փաստագրուած գործողութիւններ, ինչպէս նաեւ շրջանները ապահովելու` կուսակցութեան կողմէ զինուորական գործունէութեան մէջ օգտագործումը կանխարգիլելու համար»:
Ըստ կայքին, իսրայէլացի պաշտօնատարներ յայտնած են. «Միացեալ Նահանգները տակաւին Իսրայէլի եւ Լիբանանի հետ կը բանակցին այն հարցին շուրջ, թէ ո՛վ պատասխանատու է լիբանանեան բանակին կողմէ տարածքներու մաքրումը ստուգելու համար` նախապատրաստուելով հեռացման յաջորդ փուլին»:


