Լիբանանեան

Լէյթեր. «Զինադադարին Յանձնառու Ենք  Եւ Որեւէ Սպառնալիքի Պիտի Հակադարձենք»

Լէյթեր. «Զինադադարին Յանձնառու Ենք Եւ Որեւէ Սպառնալիքի Պիտի Հակադարձենք»

Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպան Եխիէլ Լէյթեր յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ լիբանանեան ճակատին վրայ զինադադարին յանձնառու մնալ, այնքան ատեն որ Հըզպալլան համաձայնութեան յանձնառու է: Այս մասին հաղորդեց «Ճուիշ Ինսայտըր»-ը: Ան միեւնոյն ժամանակ շեշտեց, որ Իսրայէլ ինքն իրեն կը վերապահէ որեւէ յարձակումի կամ ապահովական սպառնալիքի հակադարձելու իրաւունքը: Իսրայէլի դեսպանը այս յայտարարութիւնը կատարեց, մինչ Միացեալ Նահանգներ ջանք կը թափեն Իսրայէլի...

Մաքրոն Նեթանիահուին Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիբանանի  Հարցին Մէջ «Պատասխանատուութիւն  Եւ Ողջամտութիւն» Ցուցաբերելու

Մաքրոն Նեթանիահուին Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիբանանի Հարցին Մէջ «Պատասխանատուութիւն Եւ Ողջամտութիւն» Ցուցաբերելու

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պէտք է Լիբանանի հարցին մէջ «պատասխանատուութիւն եւ ողջամտութիւն» ցուցաբերէ: Ան ըսաւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի վրայ յարձակումը «երկար ժամկէտի վրայ կը հակասէ Իսրայէլի շահերուն»: Մաքրոն «Ֆրանս 2» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Հըզպալլան Իսրայէլի վտանգ կը ներկայացնէ, եւ ասիկա ամբողջովին ճիշդ է, սակայն Իսրայէլի պետութեան ապահովութիւնը կարելի չէ...

Պըրրի. «Իսրայէլեան Հեռացումը  Պէտք Է Տեղի Ունենայ. Որեւէ Գիծ Մեզ  Չի Հետաքրքրեր, Եւ Եթէ Պնդեն Մնալ, Դիմադրութեամբ Պիտի Դիմակայուին»

Պըրրի. «Զինադադարին Նկատմամբ Հըզպալլայի Յանձնառութիւնը Կախեալ Է Զինադադարին Նկատմամբ Իսրայէլի Ամբողջական Եւ Համապարփակ Յանձնառութենէն»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Իսրայէլի, Լիբանանի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադարին վերաբերեալ յայտարարութեան եւ հաստատեց զինադադարի վերաբերեալ Լիբանանի դիրքորոշումն ու Հըզպալլայի յանձնառութիւնը, այնքան ատեն որ Իսրայէլ անոր նկատմամբ ամբողջական եւ համապարփակ կերպով յանձնառու է: Պըրրիի այս դիրքորոշումը կը համընկնի Զուիցերիոյ մէջ Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու յաջողութեան նպաստելու ուղղուած մօտեցումին, մասնաւորաբար երկու կողմերուն միջեւ կնքուած փոխըմբռնման յուշագիրի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Արաղչիի եւ նախագահ Աունի միջեւ հաղորդակցութիւնը Լիբանանի եւ Թեհրանի միջեւ յարաբերութիւններու «ապասառեցման» սկիզբը կը նկատուի: Լիբանան Ծոցի շրջանէն եւ արաբական երկիրներէ յորդորներ ստացաւ իրանցիներուն հետ կապը վերականգնելու»: . ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ժան Նոել Պարրօ յայտարարեց. «Ամերիկան պէտք է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնէ, որպէսզի դադրեցնէ Լիբանանի մէջ իր թշնամական արարքները»: «Լիբանանեան բանակին աջակցութիւն տրամադրելու միջազգային...

Նախագահ Աուն. «Շրջանին Եւ Եւրոպայի Մէջ  Կարելի Չէ Կայունութիւն Ապահովել  Առանց Լիբանանի Մէջ Կայունութեան»

Նախագահ Աուն. «Շրջանին Եւ Եւրոպայի Մէջ Կարելի Չէ Կայունութիւն Ապահովել Առանց Լիբանանի Մէջ Կայունութեան»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ քաթարեան, ֆրանսական եւ բրիտանական նախարարական պատուիրակութիւն մը ընդունելուն ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը կարեւոր են ոչ միայն շրջանին, այլ նաեւ Եւրոպայի համար, որովհետեւ շրջանին եւ Եւրոպայի մէջ կարելի չէ կայունութիւն ապահովել առանց Լիբանանի մէջ կայունութեան»: «Մեր կողքին ձեր կանգնիլը չափազանց կարեւոր է ոչ միայն մարդասիրական ոլորտին մէջ, այլ նաեւ բանակին ու ապահովական ուժերուն...

Քալիպաֆ. «Զինադադարի Ծիրը Հարաւային  Արուարձաններէն Լիբանանի Ամբողջ  Շրջաններուն Վրայ Ընդլայնուեցաւ»

Քալիպաֆ. «Զինադադարի Ծիրը Հարաւային Արուարձաններէն Լիբանանի Ամբողջ Շրջաններուն Վրայ Ընդլայնուեցաւ»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ կնքուած փոխըմբռնման յուշագիրի 14-րդ յօդուածը կը նշէ, որ Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ վերջնական համաձայնութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ պիտի որդեգրուի: Ան նշեց. «Նոյնիսկ եթէ վերջնական համաձայնութիւնը գոյանայ եւ Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ վաւերացուի, անվստահելի կը մնայ, եւ մեր երաշխիքը մեր ուժն է»: «Յուշագիրին բոլոր ճակատներուն վրայ պատերազմին վերջ...

Դեսպան Պաղտասարեան Հանդիպում  Ունեցաւ Շուքէյրի Հետ

Դեսպան Պաղտասարեան Հանդիպում Ունեցաւ Շուքէյրի Հետ

17 յունիսին Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի նախագահի աշխատակազմի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շուքէյրի հետ: Դեսպան Պաղտասարեան հանդիպումի ընթացքին Շուքէյրին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի նամակ-հրաւէրը ուղղուած Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աունին` Երեւանի մէջ հոկտեմբերին կայանալիք ՄԱԿ-ի Կենսաբազմազանութեան մասին հռչակագիրի կողմերու 17-րդ խորհրդաժողովի` ՔՈՓ17-ի ծիրին մէջ նախատեսուող Ղեկավարներու վեհաժողովի մասնակցութեան վերաբերեալ: Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկկողմանի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «23 յունիսին գումարուելիք բանակցային նիստը պիտի կեդրոնանայ զինադադարի կէտին վրայ, որովհետեւ հարաւային Լիբանանի մէջ գետնի վրայ արձանագրուող բոլոր դէպքերը ցոյց կու տան, թէ իսրայէլացին զինուորական գործողութիւններու մեղմացում կատարեց, եւ ոչ թէ` անոնց դադրեցում»: . ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒԻ մէկ խորհրդականը «Աքսիոս»-ին. «Իսրայէլ ինքզինք փոխըմբռնման յուշագիրի Լիբանանին վերաբերող բաժինով պարտաւորուած չի նկատեր»: . ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒԻ մէկ խորհրդականը «Աքսիոս»-ին. «Նեթանիահու Թրամփին յայտնեց,...

«Եօթներու Խմբակ»-ի Վեհաժողովը Կ՛աջակցի  Լիբանանի Մէջ Անմիջական Զինադադարին

«Եօթներու Խմբակ»-ի Վեհաժողովը Կ՛աջակցի Լիբանանի Մէջ Անմիջական Զինադադարին

Ֆրանսայի Էվիան քաղաքին մէջ գումարուած «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ «Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ համաձայնութիւնը պատմական առիթ մըն է Իրանի հիւլէական զէնք ձեռք ձգելը արգիլելու»` շեշտելով «Թեհրանի շրջանային եւ հրթիռային սպառնալիքներու դիմակայումը»: Այս մասին հաղորդեց «Սքայ Նիուզ»: «Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ ղեկավարութեամբ պաշտպանութեան բազմազգեան եւ անկախ նախաձեռնութիւնը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ Հորմուզի նեղուցին մէջ նաւարկումի վերականգնման մէջ»,...

Սմոթրիչ. «Լիբանանէն Նահանջ Պիտի Չըլլայ,  Ո՛չ Ուրբաթ Օր, Ո՛չ Ալ Ուրբաթ Օրուընէ Ետք»

Սմոթրիչ. «Լիբանանէն Նահանջ Պիտի Չըլլայ, Ո՛չ Ուրբաթ Օր, Ո՛չ Ալ Ուրբաթ Օրուընէ Ետք»

Լիբանանէն նահանջ պիտի չըլլայ ո՛չ ուրբաթ օր, ո՛չ ալ ուրբաթ օրուընէ ետք: Այս մասին յայտարարեց Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչը: «Լիբանանէն նահանջ պիտի չըլլայ` ո՛չ ուրբաթ օր, ո՛չ ալ ուրբաթ օրուընէ ետք: Մենք կը պահպանենք Լիբանանի մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի գործողութիւններու լիարժէք ազատութիւնը», ըսաւ Սմոթրիչ: Ան նշեց, որ Իսրայէլը Լիբանանէն պիտի չհեռանայ, քանի տակաւին Հըզպալլան զինաթափուած չէ: «Մենք հարաւային Լիբանանի...

Արաղչի. «Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Որեւէ  Յարձակում Կամ Լիբանանեան Հողերու  Բռնագրաւում Ուաշինկթընի Հետ  Համաձայնութեան Խախտում Պիտի Նկատուի»

Արաղչի. «Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Որեւէ Յարձակում Կամ Լիբանանեան Հողերու Բռնագրաւում Ուաշինկթընի Հետ Համաձայնութեան Խախտում Պիտի Նկատուի»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ իր երկիրը իր հիւլէական ծրագիրն ու պատժամիջոցներու ջնջումը պիտի արծարծէ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններու վերջնական փուլին` նշելով, որ այդ բանակցութիւնները 60 օր պիտի տեւեն: Արաղչի ըսաւ, որ պատերազմի աւարտի յայտարարութիւնը «համաձայնութեան առաջին փուլի կարեւորագոյն իրադարձութիւնն էր»` նշելով, որ փոխըմբռնման յուշագիրի պաշտօնական գործադրութիւնը պիտի սկսի ուրբաթ օր: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի մէջ պատերազմի...

«Կը Վերահաստատենք Ուաշինկթընի  Բանակցութիւններուն Մէջ Զինադադարի  Եւ Իսրայէլի Հեռացման Վերաբերեալ  Մեր Դիրքորոշումը»  Կ՛ըսեն Աուն Եւ Սալամ

«Կը Վերահաստատենք Ուաշինկթընի Բանակցութիւններուն Մէջ Զինադադարի Եւ Իսրայէլի Հեռացման Վերաբերեալ Մեր Դիրքորոշումը» Կ՛ըսեն Աուն Եւ Սալամ

Նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ ժողովի ընթացքին անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի յայտարարութենէն ետք տեղական ու շրջանային վերջին զարգացումներուն եւ փոխըմբռնման յուշագիրին արձագանգներուն, ինչպէս նաեւ այդ առնչութեամբ Լիբանանի կատարած հաղորդակցութիւններուն: Քննարկուած են յառաջիկայ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ բանակցութիւններու յաջորդ փուլի պատրաստութիւնները: Աուն եւ...

Պըրրիի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  Քալիպաֆ. «Իսրայէլ Պէտք Է Հեռանայ  Լիբանանի Մէջ Բռնագրաւուած Շրջաններէն»

Պըրրիի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. Քալիպաֆ. «Իսրայէլ Պէտք Է Հեռանայ Լիբանանի Մէջ Բռնագրաւուած Շրջաններէն»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ, Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն մէջ իրանցի աւագ բանագնաց Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ երեքշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Քալիպաֆ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, թէ Իսրայէլ պէտք է հեռանայ Լիբանանի մէջ իր բռնագրաւած շրջաններէն: Իրանի խորհրդարանի նախագահը նաեւ «Թելեկրամ»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի բնակիչները պէտք է իրենց բնակավայրերը վերադառնան»:  

«Լիբանանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը  Կրնայ Կարելի Դառնալ Միայն Իրանի Թիրախաւորումէն Ետք»  Կ՛ըսէ Իսրայէլի Ուժանիւթի Նախարարը

Քոհեն Պէյրութի Եւ Հարաւային Արուարձաններուն Կը Սպառնայ

Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Էլի Քոհեն յայտնեց, որ Իսրայէլ Լիբանանէն կամ Սուրիայէն շղթայազերծուող որեւէ յարձակումի ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ` աւելցնելով, որ Պէյրութն ու Հարաւային արուարձանները թիրախներու շարքին պիտի ըլլան, եթէ Իսրայէլ հրթիռակոծուի, ռմբակոծուի կամ անօդաչու թռչող սարքով յարձակումի ենթարկուի: Ան նշեց, որ իր երկիրը չի կրնար ընդունիլ «Հըզպալլայի դէմ գործելու լիբանանեան բանակի անկարողութիւնը»` լիբանանեան կառավարութեան ու բանակին կոչ ուղղելով օգտագործելու Հըզպալլայի...

Պեն Ղաֆիր Կը Քննադատէ Հըզպալլայի Թղթածրարը  Սուրիոյ Վստահելու Թրամփի Առաջարկը

Պեն Ղաֆիր Կը Քննադատէ Հըզպալլայի Թղթածրարը Սուրիոյ Վստահելու Թրամփի Առաջարկը

Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր քննադատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Հըզպալլայի թղթածրարը Սուրիոյ յանձնելու առաջարկը: Պեն Ղաֆիր այդ առաջարկը մերժեց` զայն նկատելով Իսրայէլի անվտանգութիւնը «ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն, գլխատողներուն եւ մանուկներ սպաննողներուն» յանձնել: Թրամփ ժամեր առաջ այս մասին յայտարարած էր Ֆրանսայի Էվիան քաղաքին մէջ «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովի ընթացքին: Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներու համաձայն, Պեն Ղաֆիր ջնջեց Միացեալ Նահանգներ «անձնական»...

Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»

Անդրադառնալով Ուաշինկթըն-Թեհրան Համաձայնութեան` Շենքըր. «Իսրայէլին Սահմանափակումներ Կրնան Պարտադրուիլ, Սակայն Լիբանանէն Պիտի Չհեռանայ, Եւ Պիտի Շարունակէ Հըզպալլան Հարուածել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջին նստաշրջանի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տէյվիտ Շէնքըր «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ համաձայնութեան շուրջ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Իսրայէլին սահմանափակումներ կրնան պարտադրուիլ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի Պէյրութին, սակայն Իսրայէլ այս համաձայնութեան պատճառով Լիբանանէն պիտի չհեռանայ եւ պիտի շարունակէ Հըզպալլան հարուածել»: «Իրան անգամ մը եւս կը միջամտէ Լիբանանի գերիշխանութեան....

Պաղայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Փոխըմբռնման Յուշագիրի Անբաժանելի Մէկ Մասն Է»

Պաղայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Փոխըմբռնման Յուշագիրի Անբաժանելի Մէկ Մասն Է»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալը Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ փոխըմբռնման յուշագիրի անբաժանելի մէկ մասն է: Ան նշեց, որ գոյացած է բոլոր ճակատներուն վրայ, ներառեալ Լիբանանի մէջ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմին վերջ տալու փոխըմբռնման յուշագիր մը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարեց. «Եթէ պէտք ըլլայ մեր բոլոր կարելիութիւնները պիտի օգտագործենք Լիբանանի համար, եւ ատիկա...

Աուն. «Լիբանան Կանգնած Է Ճակատագրական Ընտրութեան Առջեւ»

Նախագահ Աուն. «Ամերիկայի Եւ Իրանի Միջեւ Փոխըմբռնման Յուշագիրին Ամէնէն Արժէքաւոր Կողմը Լիբանանի Իւրայատկութեան Յարգանքն Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն նշեց. «Հետաքրքրութեամբ հետեւեցայ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ գոյացած փոխըմբռնման յուշագիրին յայտարարութեան եւ անոր մէջ ընդգծուած` շրջանին, ներառեալ Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւններու եւ մագլցումի դադրեցման»: Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց «այդ յուշագիրին մէջ լիբանանեան իւրայատկութեան յարգումը եւ հաստատումը, որ Լիբանանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման որեւէ լուրջ ջանքի մէկ անբաժանելի մասն է»: «Լիբանանցի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Պըրրի. «Շնորհակալութի՛ւն Ամերիկային Եւ Իրանին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի բարձր գնահատեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ յայտարարուած փոխըմբռնման յուշագիրը: Ան նաեւ բարձր գնահատեց այն ջանքերը, զորս Փաքիստանը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան ու Եգիպտոսը թափեցին` «հասնելու համար այս փոխըմբռնման, որ շրջանին մէջ, ներառեալ Լիբանանը, ապահովութեան ու կայունութեան յենարաններու հաստատման կէտեր կը պարունակէ»: Պըրրի շնորհակալութիւն եւ իր գնահատանքը յայտնեց Իրանին, Միացեալ Նահանգներուն ու անոնց ղեկավարութիւններուն` «համաձայնեցուած...

Սալամ. «Ուաշինկթընի Մէջ Յառաջիկայ Բանակցութիւններուն Ընթացքին Պիտի Բազմապատկենք Ջանքերը` Մեր Հողերէն Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացումը Ապահովելու Համար»

Սալամ. «Ուաշինկթընի Մէջ Յառաջիկայ Բանակցութիւններուն Ընթացքին Պիտի Բազմապատկենք Ջանքերը` Մեր Հողերէն Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացումը Ապահովելու Համար»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ նախարարաց խորհուրդի նիստի սկիզբը յայտարարեց. «Լիբանանին պարտադրուած պատերազմի սկիզբէն ի վեր, լիբանանեան կառավարութիւնը շարունակ գործեց զայն դադրեցնելու համար, ինչպէս նաեւ Լիբանանին ու լիբանանցիներուն յաւելեալ վնաս պատճառելէ Իսրայէլը ետ կանգնեցնելու համար: Եւ այսօր, կը յուսանք, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գոյացուցած զինադադարի յայտարարութիւնը կը յաջողի վերջ տալու այս պատերազմին, սպանութիւնը, քանդումը, տեղահանութիւնը եւ լիբանանցիներու հասած...

Page 30 of 985 1 … 29 30 31 … 985

Արխիւներ