Աուն. «Բանակցելու Որոշում Տուի Եւ Անոր Իրագործումը Մինչեւ Վերջ Պիտի Շարունակեմ»
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Քեսրուան գաւառի քաղաքապետութիւններու պատուիրակութիւնը եւ անոր անդամներուն յայտնեց. «Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններու նպատակը պետութեան գոյութեան վերականգնումն է, որպէսզի լիբանանցիները ոչ ոքի հետեւորդ ըլլան, ըլլայ այդ հոգատար իշխանութեան կամ ոեւէ մէկը մեր կողմէ լիազօրելու ճամբով: «Որոշումին տէրը մենք ենք, եւ Լիբանան գերիշխան պետութիւն է, երկիր մը, որ ունի իր գոյացութիւնն ու կարողութիւնները: Անոր ժողովուրդը, որ միշտ...



















