Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Նախագահ Աուն Ուաշինկթըն Մեկնելէ Առաջ Ինծի Հեռաձայնեց. Եւ Ես Անոր Ընդգծեցի Զինադադարի Պահպանման Եւ Իսրայէլի Լիակատար Հեռացման Ապահովման Անհրաժեշտութիւնը»

July 21, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի «Աֆտալ Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ կը մաղթէ, որ «հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպումը Լիբանանի ազատագրման եւ մեր կառչած անոր իրաւունքներու ձեռքբերման յանգի»` նշելով, որ զինք հետաքրքրողը իրողապէս իսկական լուծումի հասնիլն է եւ ոչ թէ այդ լուծումի աղբիւրը:

Պըրրի ըսաւ, որ նախագահ Աուն Ուաշինկթըն մեկնելէ առաջ իրեն հեռաձայնած է, զինք դրած այցելութեան մթնոլորտին մէջ եւ խորհրդակցած լիբանանեան դիրքորոշման գլխաւոր կէտերուն շուրջ:

Ան ըսաւ, որ նախագահին յայտնած է, թէ անհրաժեշտ է կառչած մնալ երկու հարցերու` զինադադարի հաստատման եւ հարաւային բռնագրաւուած հողերէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացման երաշխաւորման:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ամերիկեան-իրանեան մագլցումին լոյսին տակ շրջանի անգամ մը եւս պատերազմի մէջ ներքաշուելուն նկատմամբ մտավախութիւն ունի՞, Պըրրի ըսաւ. «Ինչու հիմա տեղի ունեցողը ի՞նչ կը կոչուի: Անիկա պատերազմի ձեւերէն մէկն է»:

Ներքին ճակատի վրայ խորհրդարանի նախագահը զարմանք յայտնեց որոշներու կողմէ զինք կամ երկեակը օրէնսդրական նիստի ընթացքին շարք մը կենսական կարեւորութիւն ունեցող օրէնքներու որդեգրման ձախողման համար մեղադրման համար` նշելով. «Արեւը կը փայլի, եւ ժողովուրդը կը տեսնէ»:

Պըրրի նշեց, որ իր քաղաքական օգնական, երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլն ու խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը նիստի քուլիսներուն մէջ լրացուցիչ խորհրդակցութիւններ ունեցած են հարցերը կարգաւորելու համար, «եւ մենք մօտ էինք հասնելու այնպիսի արդիւնքի, որ պիտի յանգեցնէր համաներման օրէնքի որդեգրման, եթէ չըլլար յայտնի երեսփոխաններու դուրս գալն ու օրինաթիւի խաթարումը»:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան` ներկայ խորհրդարանի ժամկէտը կրճատելու եւ կանխահաս ընտրութիւններ կատարելու պահանջին, Պըրրի որեւէ նշանակութիւն չտուաւ ատոր եւ պարզապէս ըսաւ. «Թերեւս կը կարծեն, թէ կրնան երեսփոխան մը աւելցնել»:

Քաղաքական մտահոգութիւններէն հեռու` Պըրրի բացայայտեց իր մարզական համակրութիւնները, երբ կը հարցնեն, թէ Սպանիոյ եւ Արժանթինի միջեւ աշխարհի ախոյեանութեան եզրափակիչին ո՛ր խումբը կը նախընտրէ` բացատրելով, որ ինք Սպանիոյ կ՛աջակցի, «որովհետեւ պարկեշտ մարդիկ են, եւ անոնց կեցուածքները պատուաւոր են, ոչ միայն քաղաքական մակարդակի վրայ, այլ նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մակարդակին վրայ, որուն հարաւի մէջ գործող շարքերուն մաս կը կազմեն»:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պըն Սալման Իշխանը Նախագահ Աունը Սէուտական Արաբիա Հրաւիրեց

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.