. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ հեղինակութիւն մը «Ասաս»-ին. «Թրամփ Լիբանանին կը վերաբերի իբրեւ շրջանի աւելի լայն տեսլականի մէկ մաս, մինչդեռ Նեթանիահու ունի իր սեփական ծրագիրը, որ այժմ կապուած է ընտրական ներքին հաշիւներու: Ահա թէ ինչու Թրամփ անկէ խնդրեց Սուրիայէն եւ Լիբանանէն հեռանալ»:
. ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատի շրջանակները «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Նախագահ Աունի Ուաշինկթըն այցելութիւնը սովորական պիտի չըլլայ եւ Սպիտակ տան մէջ յիշատակի լուսանկարով պիտի չսահմանափակուի, այլ անոր կարեւորութիւնը ընտրուած ժամանակին մէջ է, եւ հանրապետութեան նախագահին ժամանակացոյցը խճողուած պիտի ըլլայ հանդիպումներով»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան պէտք է օգտուի այս արտակարգ հանդիպումի առիթէն, որովհետեւ 2009 թուականէն ի վեր լիբանանցի նախագահի մը եւ Սպիտակ տան ղեկավարին միջեւ առաջինն է եւ Թրամփի` լիբանանեան թղթածրարի բոլոր մանրամասնութիւններուն ու ճիւղաւորումներուն նկատմամբ անձնական հետաքրքրութիւնը կ՛արտացոլէ»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի Ուաշինկթըն այցելութիւնն ու Թրամփի հետ հանդիպումը յստակ ազդեցութիւն պիտի ունենան բանակցութիւններու ուղիին եւ ընդհանրապէս ապահովական կացութեան, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կացութեան վրայ, եւ ատիկա աստիճանաբար պիտի նկատենք ամերիկեան-լիբանանեան վեհաժողովէն ետք»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն Լիբանանէն մեկնելէ առաջ հեռաձայնային անջատ հաղորդակցութիւններ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի ու վարչապետ Սալամի հետ եւ զանոնք դրաւ Թրամփի հետ սպասուող իր հանդիպումին, ինչպէս նաեւ շարք մը թղթածրարներու շուրջ իր կատարելիք առաջարկներուն եւ պահանջներուն մթնոլորտին մէջ»:
. ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Հըզպալլան նախագահ Աունի Ուաշինկթըն այցելութեան նկատմամբ չափազանց ժխտական վերաբեմունք կը ցուցաբերէ` այդ քայլը նկատելով թշնամիի հետ ուղղակի բանակցութեան եւ վարկաբեկիչ շրջագծային համաձայնութեան ուղիի ծիրին մէջ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը «Ախպար» օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակցային պատուիրակութեան պետ դեսպան Քարամ պետութեան մէջ պաշտօնատարներու յայտնեց, որ կը մտածէ լքել իր ներկայ պարտականութիւնը, որովհետեւ բանակցային հոլովոյթին սկիզբէն անոր մասին բազմաթիւ նկատումներ ունի, սակայն որոշած է նախագահի կողքին կանգնիլ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Յետաձգման աղբիւրը իսրայէլեան է եւ բացարձակապէս արդարացում չունի, եւ ասկէ կը բխի այն մտավախութիւնը, որ Իսրայէլ կրնայ վերադառնալ ձգձգման եւ հեռացման առաջին փուլը բարդացնելու քաղաքականութեան»:
. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Որոշ պատրաստութիւն կայ Քաֆարթպնիթ եւ Շքիֆ շրջանները ընդգրկող իսրայէլեան հեռացումի երկրորդ փուլին. քայլ մը, որ ամերիկեան կողմը կ՛ուզէ Աունի այցելութեան առիթով ներկայացնել իբրեւ բարի կամեցողութեան նշան»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Իսրայէլ տակաւին պատրաստ չէ հրաժարելու այն դիրքերէն, զորս կը նկատէ ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող, մասնաւորաբար այն դիրքերէն, ուր անցնող ամիսներուն ընթացքին աշխատանք տարաւ իր զինուորական ներկայութիւնը ամրապնդելու»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Ամերիկեան կողմը Իսրայէլի վրայ ճնշում կը բանեցնէ Ալի Թահեր բլուրին մէջ ականահարման որեւէ գործողութիւն չկատարելու, որպէսզի ատիկա չազդէ ուղղակի բանակցութիւններու հոլովոյթին վրայ եւ լիբանանեան դիրքը չտկարացնէ»:
. ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ պետական աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանի վերաբերեալ Սուրիոյ տեսակէտը բոլորովին կը տարբերի հոգատարութեան շրջանէն, երբ նախկին վարչակարգն ու անոր մերձաւորները հնարքներ կը ստեղծէին թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ Սուրիոյ մէջ: Մեր առաջնահերթութիւնը անվտանգութիւնն է, կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ պատասխանատու աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Սուրիոյ որեւէ տեղ, յատկապէս լիբանանեան ճակատին վրայ հակամարտութեան մէջ մտնելու հակուածութիւնը չեմ տեսներ»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ անցնող քանի մը օրուան ընթացքին իրաքեան կառավարութենէն ստացած է յորդոր մը` լիբանանեան թղթածրարին մէջ չներքաշուելու, մինչ ամերիկեան ու սէուտական ճնշումները կը մեծնան Դամասկոսը Հըզպալլայի դիմակայման մէջ դեր ստանձնելու մղելու համար»:
Իրաքեան ուղերձը կը նախազգուշացնէր, որ Սուրիոյ լիբանանեան բեմին վրայ ունենալիք որեւէ ներգրաւուածութիւն անմիջական հետեւանքներ պիտի ունենայ ինքնին Սուրիոյ համար: Իրաքեան կողմը Դամասկոսին տեղեկացուցած է. «Եթէ Լիբանանի շիիները կամ Հըզպալլան Սուրիոյ տարածքէն որեւէ վտանգի ենթարկուին, իրաքեան դիմադրութեան խմբաւորումները ձեռնածալ պիտի չմնան, եւ Լիբանանի ուղղութեամբ սուրիական իւրաքանչիւր քայլի կրնայ Սուրիոյ ուղղութեամբ իրաքեան քայլ յաջորդել»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին կը յայտնեն, որ Սուրիոյ նախագահ Շարհ իրաքցի պաշտօնատարներուն յայտնած է, որ ամերիկեան վարչակազմը իրապէս իրմէ խնդրած է լիբանանեան թղթածրարին միջամտել եւ Հըզպալլայի դէմ դիրքորոշում ունենալ, սակայն ան վստահեցուցած է, որ ինք մերժած է խնդրանքը` շեշտելով, որ Դամասկոս պատրաստակամ չէ լիբանանեան բեմին մէջ ներքաշուելու, կամ միջամտութիւններու նախկին քաղաքականութեան վերադառնալու:
. ԱՐԴԱՐԱԴԱՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Արդարադատութեան մէջ արհեստավարժութիւնը միայն վճիռներու թիւով չի չափուիր, այլ նաեւ արդարադատութեան հայելիին նայելու կարողութեամբ, եւ այդ մէկը քայլ մըն է, որ կը կատարէ մէկը, որ վարժուած է վստահութեամբ եւ հաստատ քայլերով քալել արդարադատութեան միջանցքներուն մէջ»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի մէջ թմրեցուցիչները այլեւս ժողովրդային թաղերով կամ թմրամոլներու շրջանակով չեն սահմանափակուիր: Գոյութիւն ունին մտահոգիչ ցուցանիշեր, թէ անոնք ներթափանցած են դպրոցներ` կանուխ տարիքէն թիրախաւորելով պարմաններն ու պարմանուհիները:


