Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 22, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս Միտիա»-ին. «Ուաշինկթըն շարունակ Իսրայէլի վրայ ճնշում կը բանեցնէ` պահպանելու համար շրջագծային համաձայնութիւնը եւ անոր տապալումը բացարձակապէս չարտօնելու, մեկնելով այն համոզումէն, թէ անոր տապալումը պիտի նշանակէ զինուորական ճակատումի վերադարձ ոչ միայն Հարաւային Լիբանանի մէջ, այլ նաեւ ամբողջ շրջանի մակարդակի վրայ»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՏԻՊԷՅԹ». «Նախարար մը իր անձնական հանդիպումներուն ընթացքին կը յայտնէ, որ շրջագծային համաձայնութեան գլխաւոր ազդեցութիւնը Իրանի ճակատին վրայ մագլցումն ու հարաւային Լիբանանի ճակատին վրայ պատերազմի վերականգնումը իրարմէ անջատելն է»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նախագահ Աունը ունի յստակ գաղափարներ, որոնք կը գերազանցեն դիւանագիտական աշխատանքներն ու պարզապէս արարողակարգային ձեռք սեղմումները: Մասնագէտներու հետ հանդիպման ժամանակ ան փորձած է Լիբանանի ապագային համար աջակցութիւն եւ յենարան ստեղծել, թէեւ որոշ դէտեր հանդարտ կերպով կը զգուշացնեն, որ անոր մօտեցումը զգալի ռիսքեր կը պարունակէ»:

. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, պետական իշխանութիւնները ամերիկացիներուն խոստացած են լիբանանեան բանակին անհրաժեշտ իրաւական ծածկոյթ ապահովել, որպէսզի հարաւային Լիբանանի մէջ իրեն վերաբերող առաքելութիւնը, ներառեալ տուներու խուզարկումը ընթացիկ օրէնքներու համաձայն կատարէ:

. ԴԱՇՏԱՅԻՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Լիբանանեան բանակը երէկ հասաւ Զաութար Ղարպիէի եւ Քահքահիեթ Ժըսըրի միջեւ գտնուող Սաուան շրջան, երբ նախքան այդ, զինադադարի դասաւորումներուն զուգահեռ եւ իսրայէլեան կանաչ լոյսին սպասելով, անոր միաւորները իրողապէս տեղակայուած էին Ֆրունի ու Սրիֆայի մէջ եւ սկսած տեղակայուիլ Զաութար Ղարպիէի մերձակայքին մէջ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Իսրայէլացիներուն կողմէ լիբանանեան բանակին եւ ամերիկացիներուն հետ առցանց եռակողմ ժողովի դիտաւորեալ յետաձգման նպատակը շրջանցելն է լիբանանեան բանակին իր սպաներն ու զինուորները առօրեայ ստուգման կացութեան մէջ դնելու իսրայէլեան պայմաններու ընդդիմութիւնը»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նահար» օրաթերթին. «Հըզպալլայի կարծիքով իր պայքարը այնքան նախագահ Աունի անձին հետ չէ, որքան անոր ղեկավարած ուղղուածութեան, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի ուղղակի բանակցութիւններու, պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումի մենաշնորհման եւ այն խոստումներու, որոնք Լիբանանը կրնայ արաբական ու միջազգային ժողովականներուն տալ»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Իսրայէլեան բանակը քաղաքական իշխանութեան հաւանութեան կը սպասէ Շքիֆի ամրոցին տակ փապուղիներ պայթեցնելու, ինչ որ կրնայ 3,7 աստիճան ուժգնութեամբ ցնցում պատճառել»:

. ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ վառելանիւթի գիներու բարձրացման հետեւանքով արտադրութեան ծախսի բարձրացման պատճառով փուռերու մէջ միջակ չափի ճերմակ հացի կապի գինը 5000 լ.ո.-ի յաւելում կրելով կը դառնայ 75000 լ.ո.:

. 95 օքթան պենզինին գինը բարձրացաւ 70000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.347.000 լ.ո.-ի, 98 օքթանինը` 71000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.365.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 161.000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.099.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 12000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.127.000 լ.ո.-ի:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ-Իրան Փոխադարձ Հարուածները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Իզէտտին. «Հանրապետութեան Նախագահին Լիբանանի Կարողութեան Եւ Ուժի Զէնքը Խլելուն Վրայ Պնդելը Զինք Մղած Է Թշնամիի Նպատակներուն Միանալու»

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.