Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Պալատին Մէջ Լիբանանեան Դրօշը Վար Առնուեցաւ, Իսկ Դահլիճները Փակուեցան. Նախագահական Ընտրութեան Նախանշան Անգամ Չկայ

Նոյեմբեր 2, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ վար առնուեցաւ երկրին դրօշը, ինչպէս նաեւ փակուեցան հանրապետութեան նախագահին գրասենեակը եւ բոլոր դահլիճներն ու սրահները` նկատի ունենալով նախագահական դատարկութեան փուլը, որուն մէջ մուտք գործած է Լիբանանը պաշտօնապէս:

Նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր, որ հսկեց նախագահական պալատը փակելու այս արարողակարգին, յայտնեց, որ տխուր է այս օրը` յոյս յայտնելով, որ այս պատկերը դարձեալ չկրկնուի:

Ան շեշտեց, որ այս օրուան ընթացքին պէտք էր հանրապետութեան նոր նախագահը դիմաւորէին, սակայն անոր փոխարէն մուտք գործած են նախագահական դատարկութեան փուլ:

Ան շեշտեց, որ իբրեւ նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէնութիւն, անոր վարչական աշխատանքը կը շարունակուի, որովհետեւ նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէնութիւնը հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան գործադիր կառոյցն է:

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին նախանցեալ օրուան իր այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով Շքէյր յայտնեց, որ ինք անձնական նախաձեռնութեամբ այցելած է Միքաթիի` «կանխարգիլելու համար այսօրուան մեր ապրած տխրութիւնը, սակայն այդ նախաձեռնութիւնը վերջ գտաւ երէկ», ըսաւ Շքէյր:

Նշենք, որ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը նախանցեալ գիշեր հաղորդեց լուր մը, որուն համաձայն, երկուշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2022-ին, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր այցելած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ նախքան անոր Ալճերիա մեկնումը առաջարկած, որ կառավարութեան յայտարարութեան հրամանագիրը կատարուի, որպէսզի շրջանցուին ստեղծուելիք սահմանադրական խոչընդոտները:

Այս առաջարկին դիմաց վարչապետ Միքաթի հարց տուաւ, որ արդեօք կառավարութեան վստահութեան քուէ պիտի շնորհուի՞,  յատկապէս Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի կողմէ:

Շքէյրի պատասխանը եղաւ այն, որ խորհրդարանը կ՛որոշէ այդ մէկը, եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններուն հաստատ վստահութեան քուէին մասին ոչ մէկ ակնարկութիւն կատարեց:

Այս պահուն էր, որ Միքաթի Շքէյրին յայտնեց. «Օդանաւը զիս կը սպասէ` Լիբանանը ներկայացնելու Ալճերիոյ մէջ տեղի ունենալիք Արաբական վեհաժողովին: Շնորհակալ եմ այցելութեանդ, սակայն առաջարկը կը մերժեմ»:

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը հրապարակեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան թուիթըրեան գրառումը, ըստ որուն` «Լիբանան կը դիմագրաւէ տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային վտանգաւոր ու աննախընթաց տագնապ մը, որ կ՛ենթադրէ տքնաջան աշխատանք հանրապետութեան նախագահութեան, կառավարութեան եւ խորհրդարանին կողմէ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը վերականգնել եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին բարելաւել լիբանանցիներուն իրավիճակը:

«Այս շրջագիծին մէջ Ֆրանսա կոչ կ՛ուղղէ լիբանանցի բոլոր պատասխանատուներուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը եւ գործելու ի խնդիր երկրի եւ ժողովուրդի շահերուն ապահովումին: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ լիբանանցի երեսփոխաններուն անյապաղ ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահը»:

Իր կարգին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել Եւրոպական Միութեան անունով կոչ ուղղեց Լիբանանի խորհրդարանին ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին նախագահական ընտրութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ առանց ուշացումի նոր կառավարութիւնը կազմելու:

Նախորդը

Ալճերիոյ Մէջ. Վարչապետ Միքաթի Լիբանանը Կը Ներկայացնէ Արաբական Վեհաժողովին

Յաջորդը

Լաւրով. «Ռուսիան Եւ Հայաստանը Յաջողած Են Ամուր Հիմեր Դնել Երկարաժամկէտ Ռազմավարական Գործընկերութեան Եւ Դաշնակցութեան Համար»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?