Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը 18 հոկտեմբեր 2022-ին ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի անդամներ, որոնք Լիբանանի մէջ յարձակումներ ծրագրած էին:
Ձերբակալեալներու հարցաքննութիւնը ընթացքի մէջ է` համապատասխան դատական ատեանին կողմէ:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Օմանի դեսպան Ահմետ պըն Մոհամետ Սայիտի, որ բանակի հրամանատարին հետ քննարկեց երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները:
Նշենք նաեւ, որ տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներ հաստատեցին, որ զօր. Աուն կը մերժէ քաղաքական ուժերուն հետ բանավէճ ունենալ` նկատել տալով, որ բանակի հրամանատարին միակ մտահոգութիւնը 17 հոկտեմբերին երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումն էր:
Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ երկրին ելեւմտական, քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներուն լուծումը բանակի հրամանատարութեան պատասխանատուութիւնը չէ, սակայն անոր պարտականութիւնն է ցոյցերուն ընթացքին քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանել:


