Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճ. Պուչիքեան. «Լիբանան Պիտի Վերականգնի»

November 3, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յորդանան գտնուող ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան, որ կը մասնակցի Ամմանի մէջ ԷՍՔՈՒԱ-ի կազմակերպած գործարարական վեհաժողովին, արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ այս վեհաժողովը իւրայատուկ է իր արծարծած նիւթերով եւ քննարկումներով:

Ճ. Պուչիքեան մաղթեց, որ վեհաժողովի աւարտին կարելի ըլլայ հասնիլ որոշ արդիւնքներու եւ բանաձեւերու, որոնք ըլլան գործնական եւ տեսիլք ունեցող բանաձեւեր, որոնց շնորհիւ կարելի ըլլայ յանգիլ ուղեգիծի մը` փոքր եւ միջակ հաստատութիւններու գործունէութեան բարգաւաճման:

Ճ. Պուչիքեան կոչ ուղղեց արաբական աշխարհի հարստութիւններէն օգտուելու, ինչպէս նաեւ իրարու միջեւ փորձառութիւններ փոխանակելու` հասնիլ կարենալու համար փոխանակման եւ իրարու լրացնող բարձրորակ ճարտարարուեստի: Ան շեշտեց արհեստագիտական ճարտարարուեստի զարգացման վրայ կեդրոնանալու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ դեղորայքի արտադրութեան անհրաժեշտութիւնը: «Այս բոլորը իրագործելու համար կը վստահինք մեր երկիրներուն մէջ գտնուող հում նիւթին եւ մարդ արարածի խելքին», ըսաւ ան:

Ճ. Պուչիքեան հաստատեց, որ գործարարական շրջանակները կոչուած են առաջնորդելու միասնականութեան երթը, ինչպէս նաեւ համոզելու քաղաքական ղեկավարները, ժողովուրդներն ու հասարակութիւնները` հրաժարելու իրենց տարակարծութիւններէն եւ բաժանումներէն, որոնք ապարդիւն են:

Ան շեշտեց, որ տնտեսական եւ ելեւմտական ահաւոր տագնապէ տառապող Լիբանանը պիտի կարենայ յաղթահարել իր դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները` հզօր հաւատքով ու անկոտրում կամքով, ինչպէս նաեւ գոյատեւումի աննման օրինակով: «Լիբանանցին կառչած կը մնայ իր հողին եւ անձնատուր չ՛ըլլար անցարգելներուն եւ խոչընդոտներուն: Անցնող երեք ամէնէն դժուար տարիներուն ընթացքին, լիբանանցին ընկերութիւններ հիմնեց, նոր գործարաններ բացաւ, ինչպէս նաեւ արդիւնաբերութեան եւ արտածումի իր կարողութիւնները բարելաւեց` լիբանանեան արտադրութիւնները ծովէն ու ցամաքէն հասցնելով տարբեր երկիրներ, ինչպէս նաեւ միջազգային շուկաներ: Լիբանան պիտի վերականգնի, իսկ անոր երիտասարդութիւնը ստեղծագործութեանց ու նախաձեռնութիւններու ոլորտին մէջ ռահվիրաներ են», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Ֆայեատ Ալճերիացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Ուժանիւթի Մարզին Մէջ Գործակցութեան Հեռանկարները

Յաջորդը

Մաուլաուի. «Լիբանանցիները Կառչած Պէտք Է Մնան Թաէֆի Համաձայնագիրին, Որ Կը Հաստատէ Լիբանանեան Գոյացութեան Վերջնական Ըլլալը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.