Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը եւ Ներքին ապահովութեան ուժերը լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հետ առաւելագոյն չափով կը գործակցին` պահպանելու համար երկրին կայունութիւնը:
Ան շեշտեց, որ լիբանանցին պատերազմ չ՛ուզեր` հաստատելով, որ ոչ ոք կրնայ երկրին ապահովութեան դպչիլ, այնքան ատեն որ կայ այդ ապահովութեան տէր կանգնելու կամքը:
Այս մասին հարցազրոյցի մը ընթացքին Մաուլաուի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւն կը տիրէ, «իսկ եթէ Ազգային ազատ հոսանքը կը փափաքի քաոս ստեղծել, ապա լիբանանցիները կը մերժեն քաոսը», աւելցուց ան:
Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու գաղթակայանները վտանգ չեն սպառնար, այլ ապահովական յաւելեալ բեռ են, եւ մենք այդ հարցին նկատմամբ համապատասխան վարուելակերպ կը ցուցաբերենք:
Անդրադառնալով լիբանանեան քաղաքացիութիւն շնորհելու հրամանագիրին` Մաուլաուի ընդգծեց, որ իրենք մերժած են այդ հրամանագիրը վաւերացնել, որովհետեւ պէտք չէր այդ քայլը արտօնել:
Մաուլաուի շեշտեց, որ երկրին սահմանադրութիւնը յստակ է` նախագահական դատարկութիւնը մերժելու եւ կառավարութեան պաշտօնը պահպանելու իմաստով:
Ան շեշտեց, որ լիբանանցիները կառչած պէտք է մնան Թաէֆի համաձայնագիրին, որ կը հաստատէ լիբանանեան գոյացութեան վերջնական ըլլալը:
Մաուլաուիի այցելեցին երեսփոխաններ Ֆուատ Մախզումի, Մըլհեմ Ռիաշի, Նաամաթ Աֆրամ, Ռազի Հաժ, Ուալիտ Պաարինի եւ Ահմետ Խէյր:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր հարցեր, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր երեսփոխանի ներկայացուցած շրջանին կարիքները:


