Անդրադառնալով Իրաք Իր Այցելութեան` Սալամ. «Պատրաստ Ենք Տնտեսական Վերականգնումի Իրագործման Համար Բոլոր Ընտրանքներէն Օգտուելու»
Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս վարչապետարանին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի գլխաւորութեամբ հերթական նախարարական ժողովէն ետք նշեց. «Ժողովին սկիզբը, անդրադառնալով Իրաք իր այցելութեան, վարչապետ Սալամ իր խօսքը սկսաւ նշելով. «Կառավարութիւնը միշտ պատրաստ է օգտուելու բոլոր առիթներէն, որոնք որեւէ ժամանակ կը ներկայանան` իրագործելու համար տնտեսական վերականգնումի նպատակները, մասնաւորաբար կապի եւ ռազմավարական փոխլրացման ոլորտներուն մէջ»: «Այս առումով, Սալամ Իրաքէն իր վերադարձին հեռաձայնեց Սուրիոյ արտաքին...



















