Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 4, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Հատաս»-ին. «Իտալիա առաջարկեց, որ Սպանիան ու Ֆրանսան փոխարինեն ՖԻՆԻՒԼ-ը»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ պատասխանատուներ «Ռոյթըրզ»-ին. «Իրան Միացեալ Նահանգները զգուշացուց, թէ լայնածաւալ կերպով պիտի հակադարձէ, եթէ Իսրայէլ Հարաւային Լիբանանի մէջ Ալի Թահեր բլուրին վրայ յարձակում գործէ»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթ. «Հարաւային Լիբանանի մէջ փորձնական ծրագիրները սպասուածին պէս չեն ընթանար»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանը յանձնառու է բանակցային հոլովոյթին` հասնելու համար այդ բանակցութիւններու նպատակին իրականացման յարձակումի դադրեցման եւ լիբանանեան հողերէն Իսրայէլի ամբողջական հեռացման»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Այս ամսուան 16-ին եւ 17-ին Փարիզի մէջ նախատեսուած լիբանանեան բանակի աջակցութեան նախապատրաստական խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին բարեկամ բանակներու շարք մը հրամանատարներ եւ սպայակոյտի պետեր, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ»:

. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, յղում կատարելով յորդանանեան բարձրաստիճան աղբիւրներուն կը հաղորդէ, որ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը համապատասխան հաստատութիւններուն, նախ եւ առաջ` զինեալ ուժերուն յանձնարարած է Լիբանանի աջակցութեան գործին մէջ դեր ստանձնել, ուղարկելով զինուորական, մարդասիրական եւ բժշկական օգնութիւն:

Յորդանան կանգնած է իր եղբայր Լիբանանի կողքին եւ կ՛աջակցի անոր ջանքերուն` պահպանելու իր անվտանգութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Ասիկա, ըստ օրաթերթի, կը բացատրէ վերջին տարիներուն Յորդանանի եւ Լիբանանի միջեւ «ոչ աւանդական» մերձեցման մէկ մասը:

. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգներ կրնան մօտ օրէն Հըզպալլայի վրայ զէնքի թղթածրարի հարցով ճնշումներու բանեցման նախաձեռնել»:

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի արտասանած վերջին ճառը դիրքորոշումներու հակասութիւն կը պարունակէր. ան հրապարակաւ կառչեցաւ ազգային միասնականութեան ու «շիիներու արժանապատուութեան», սակայն գործնականին մէջ մերժեց հարաւային Լիբանանի մէջ պետութեան իշխանութեան ի վնաս Հըզպալլայի վերահսկողութեան ընդլայնումը»:

. ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ նախկին պաշտօնատար մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Երկակի մօտեցումը խորհրդարանի նախագահ Պըրրիին կ՛արտօնէ իր գրաւները ապահովագրել. ան իր համակիր զանգուածին առջեւ կը պաշտպանէ Դիմադրութիւնը եւ լիբանանեան միասնութիւնը, միեւնոյն ժամանակ գաղտնի կերպով ամերիկացի պաշտօնատարներուն Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններուն իր աջակցութիւնը առաջարկելով»:

. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Ընդհանուր դատախազ դատաւոր Մոհամետ Սաապ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գործով իր կարծիքը պիտի հրապարակէ առաւելագոյնը մէկ կամ երկու ամսուան ընթացքին»:

. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ քաղաքական փորձագէտ մը «Տիար» օրաթերթին. «Դիտորդները կրնան տեսնել, թէ կայ ընդունման եւ համոզումի զգացում հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակի գործողութիւններու, ներառեալ աւերման, քարշակներով հողի հաւասարեցման եւ շարունակական հրետակոծութեան վերաբերեալ, որոնք միջազգայնօրէն թոյլատրուած չեն»:

Նախորդը

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Նոր Արշաւը Երկար Պիտի Չտեւէ»

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Երեսփոխանական Պլոքը Պըրրիէն Կառավարութեան Հարցապնդման Նիստ Կը Պահանջէ

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ  Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ  Դիւանագիտական Լուծումին»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ Դիւանագիտական Լուծումին»

October 20, 2026
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Հետեւեցայ Մեղսակիցներու Կալանաւորման Համար Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հետաքննութեան Ընդլայնման Առնչութեամբ Որդեգրուած Քայլերուն»

October 20, 2026
Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի  Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.