. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ ստորագրեց համաներման օրէնքը:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան-Իսրայէլ քաղաքական բանակցութիւնները Հռոմի մէջ տեղի պիտի ունենան, իսկ զինուորական բանակցութիւնները` Ֆլորիտայի մէջ ամերիկեան բանակի կեդրոնական շրջանի հրամանատարութեան կեդրոնատեղիին մէջ, եւ փորձնական շրջանները տակաւին խոչընդոտ են»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Դեսպան Իսայի Թել Աւիւ այցելութեան նախորդող եւ յաջորդող օրերուն, ամերիկեան կողմը փոխանցեց այն, ինչ որ ինք հարաւային Լիբանանի մէջ լիբանանեան բանակի գործողութիւններու վերաբերեալ իսրայէլեան «դիտարկումներ» որակեց»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Հակառակ այն իրողութեան, որ Իսրայէլի ազատ արձակած գերիներու անունները Լիբանանի նախապէս ներկայացուցած ցուցակին վրայ չէին, այսուհանդերձ լիբանանեան կողմը զայն կը նկատէ դրական քայլ մը, որուն վրայ կարելի է կառուցել»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Նեթանիահու կը փորձէ առ երեւոյթ Թրամփի վարչակազմի Հռոմի հոլովոյթը յաջողցնելու փափաքներուն ընդառաջել, ուստի լիբանանցի գերիներու թղթածրարը իբրեւ մարտավարական խաղաքարտ կ՛օգտագործէ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսրայէլեան բանտերէն լիբանանցի 5 կալանաւորներու ազատ արձակումը կրնայ վերացնել Լիբանան-Իսրայէլ հոլովոյթին մէջ վերջերս յառաջացած փակուղին եւ հարթել բանակցութիւններու յաջորդ փուլի ճամբան»:
. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Նեթանիահու լիբանանցի հինգ կալանաւորներու ազատ արձակման քայլին համաձայնելու համար պայման դրաւ, որ Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ միացեալ յայտարարութիւնը չհրապարակուի, այլ քայլը ներկայացուի իբրեւ իսրայէլեան միակողմանի եւ բանակցութեան հետ կապ չունեցող քայլ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Հակառակ գերիներու վերատիրացման կարեւորութեան, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Իսայի հետ իր հանդիպումէն ետք Նեթանիահուի այս չնչին քայլը, առնուազն յառաջիկայ ամսուան 27-էն առաջ, խորքային զիջում չկատարելու անոր փափաքը կ՛արտացոլէ»:
. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու մեկնարկէն ետք խնդիր ծագեցաւ, երբ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպանը` իբրեւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ ուղղակի կերպով լիազօրուած անձ, մերժեց արտաքին գործոց նախարար Ռաժժիին բանակցութիւններուն մասին զեկուցում ուղարկել, եւ անոր կոչ ուղղեց` կապուելու նախագահ Աունի հետ, որ իրեն փոխանցած է այդ ցուցմունքը»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի պնդեց սահմանափակել արտաքին գործոց նախարար Ռաժժիի դերը, ինչ որ երեւան եկաւ շարք մը առիթներու մէջ, որոնց նախարարը մասնակցելու չէր հրաւիրուած, հակառակ անոր պաշտօնին եւ լիազօրութիւններուն հետ անոնց անմիջական կապին, իսկ Այն Թինէի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ հաղորդակցութիւնը քանի մը պատճառներով մնաց կանգուն»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 31000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.602.000 լ.ո.-ի եւ 2.620.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 28000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.474.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.167.000 լ.ո.:


