Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 7, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Գերիներու յանձնման քայլի յաջողութիւնը չի նշանակեր, թէ վճռուեցան առկախ մնացած թղթածրարները, որոնց կարեւորագոյնները իսրայէլեան զինուորական ներկայութեան շարունակումը, լիբանանեան բանակին տեղակայումն ու անոր կարողութիւնները, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի անկախ զինանոցն են»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Նախագահ Աունի համար դրական կէտ կը նկատուի, որ ան հետեւողականօրէն գերիներու թղթածրարին հետեւեցաւ եւ զայն Ուաշինկթընի, Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ բանակցութիւններու սեղանին վրայ դրաւ, սակայն նախկին փորձառութիւնը կը ստիպէ տեղի ունեցածի որակման մէջ զգուշ ըլլալ»:

. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Լիբանան յաւելեալ գերիներու ազատ արձակման վերաբերեալ որեւէ տուեալ չստացաւ, իսկ ազատ արձակուածներու առաջին խումբին անդամները կարելի չէ իրաւական գետնի վրայ պատերազմական գերի որակել, այլ` քաղաքային կալանաւորուածներ»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Մինչեւ հիմա իսրայէլեան կտրուկ մերժում կայ ՖԻՆԻՒԼ-ի հարաւային Լիբանանի մէջ մնալուն կամ այս տարուան վերջաւորութեան անոր աշխատանքը դադրեցնելու որոշումէն ետդարձ կատարելուն, եւ չի թուիր, թէ Թել Աւիւը աւելի խանդավառ է այլընտրանքային ուժի մը նկատմամբ, որ աշխատանքի ազատութիւն կամ հսկողութեան անկախ կարողութիւն ունի»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պատկերասփիւռի 12-րդ կայան. «Ապահովական կառոյցները հարաւային Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը կը բնութագրեն «չափազանց զգայուն»` Ալի Թահերի մէջ բանակի աշխուժութեան եւ Հըզպալլայի արձագանգին ու իրանեան սպառնալիքներու վերաբերեալ մտավախութիւններու պատճառով»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, զարմանք կը պատճառէ, որովհետեւ Իրանն ու Հըզպալլան նշաձողը առաւելագոյն չափով բարձրացուցած էին, սակայն Ալի Թահեր բլուրը գրաւուեցաւ, եւ անոնց ձայնը կորսուեցաւ, կարծէք կատարուած իրողութիւնը ընդունեցին»:

. «ԱՍԱՍ»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «քուլիսներուն մէջ քննարկումը «Իսրայէլ Ալի Թահեր մտա՞ւ» հարցումէն անցաւ աւելի վտանգաւոր հարցումի մը` «Ալի Թահերէն ետք ի՞նչ»:

. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ շրջանակները «Ասաս»-ին. «Զինադադարի հաստատումէն ի վեր, Հըզպալլան կ՛ապահովէ իր զինեալներու խումբերով Ալի Թահերի տարածքէն ու փապուղիներէն դուրսբերումը: Ասիկա ունի էական զինուորական իմաստ, որովհետեւ կը նշանակէ բլուրին համար պաշտպանական ճակատի բացակայութիւն»:

. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Փորձնական առաջին շրջանը (Ֆրուն-Սրիֆա-Զաութար Ղարպիէ) համաձայնութեան գործադրութեան ծիրին մէջ իսրայէլեան զինուորական առաջին քայլը չէր, այլ խուսանաւում մը, որ կը շարունակուի»:

 

 

Նախորդը

Քարիւղատար Նաւերու Վրայ Իրանեան Եւ Ամերիկեան Փոխադարձ Յարձակումներ

Յաջորդը

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան Նահատակներու Յիշատակին Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` «Գերիշխանութեան Արշալոյսը» Խորագիրով

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց  Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու  Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը  Ամբողջացնել
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Որոշեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Թղթածրարին Շուրջ Հետաքննութիւնը Ամբողջացնել

October 23, 2026
Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն.  «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը  Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Ֆրանսա Եւ Քաթար Կը Յայտարարեն. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտը Պէտք Չէ Ապահովական Բացի Յանգեցնէ»

October 23, 2026
Պըրրի. «Ընտրական Օրէնքի Փոփոխութեան Որեւէ Նիստ Պիտի Չհրաւիրեմ»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Լիբանան Ներկայիս Չի Տոկար Որեւօ Թղթածրարի Արծարծման, Որ Ներքին Լարուածութիւններ Կը Ստեղծէ»

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.