Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ Որոշեց Ազատ Արձակել Լիբանանցի Գերիներ

September 4, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երէկ հաղորդեց. «Կը նախատեսուի, որ Իսրայէլ այսօր լիբանանցի 5 գերիներ ազատ արձակէ»:

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը յայտարարեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Լիբանանի հետ բանակցութիւններու ծիրին մէջ ցուցմունք տուաւ հետեւելու Լիբանանի մէջ հրէական համայնքի ղեկավարներու աճիւններու որոնման, որոնց ան կոչած է «արքայական նահատակներ», որոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ առեւանգուած եւ սպաննուած էին 1980-ականներու կէսերուն»:

Գրասենեակը ըսաւ, որ Իսրայէլի վարչապետը տասնամեակներէ ի վեր, ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպանի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր կը հետեւի այս թղթածրարին:

«Վերջին ամիսներուն ընթացքին, անոնց վայրը ճշդելու համար, հաւասարապէս Լիբանանի եւ Իսրայէլի կողմէ շարք մը գործողութիւններ, ներառեալ դաշտային գործողութիւններ շղթայազերծուեցան», աւելցուց գրասենեակը:

«Այս աշխուժ աշխատանքի լոյսին տակ, որոշուեցաւ ազատ արձակել լիբանանցի հինգ քաղաքացիներ, որոնք ձերբակալուած էին հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու մէջ», նշեց Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը:

Նեթանիահուի գրասենեակը աւելցուց. «Անոնց հետ հարցաքննութեան աւարտէն ետք ի յայտ եկաւ, թէ անոնք քաղաքացիներ են, որոնք որեւէ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ չեն, չեն մասնակցած ահաբեկչական արարքներու, եւ անոնց Իսրայէլի մէջ կալանաւորումը շարունակելու որեւէ արդարանալի պատճառ չկար»:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին յայտնած են. «Լիբանանի կողմէ 12 անհետ կորսուածներու որոնման իսկական ջանք մը նկատեցինք»:

«Լիբանան քարտէսներ ու լուսանկարներ յանձնեց գերեզմաններու եւ այլ վայրերու, ուր կրնան փաստեր կամ աճիւններ գտնուիլ», աւելցուցած են աղբիւրները:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, ողջունելով լիբանանցիներու ազատ արձակումը, նշեց. «Ազատ արձակուած որեւէ լիբանանցիի ողջ- առողջ իր հայրենիք վերադարձը այս թղթածրարի կարգաւորման ճամբուն վրայ կարեւոր քայլ է, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ամերիկեան վարչակազմին, մասնաւորաբար դեսպան Միշէլ Իսային, այս առնչութեամբ թափուած ջանքերուն համար»:

«Պիտի շարունակենք աշխատանքը ազատ արձակելու բոլոր մեր գերիները, բացայայտելու անհետ կորսուածներու ճակատագիրը եւ լիբանանեան բոլոր հողերէն իսրայէլեան հեռացումը իրականացնելու համար», աւելցուց վարչապետը:

«Բանակցային հոլովոյթը որքան ալ դժուար թուի, պիտի շարունակենք զօրաշարժի ենթարկել պահանջուած բոլոր ջանքերը` պահպանելու համար Լիբանանի իրաւունքներն ու լիբանանցիներուն շահերը, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մեր ժողովուրդի շահերը, ինչպէս նաեւ ապահովելու անոնց անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձը իրենց հողեր ու գիւղեր, եւ լիարժէք կերպով վերականգնելու իր հողերուն վրայ պետութեան գերիշխանութիւնը», յայտնեց Սալամ:

«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Լիբանանեան բանակը Կարմիր խաչի ճամբով ստանձնած է քաղաքացի մը, որ իսրայէլեան ուժերուն մօտ կալանաւորուած էր:

 

 

Նախորդը

Աուն. «Լիբանան Կ՛ողջունէ Որեւէ Բարեկամ Պետութիւն, Որ Կը Փափաքի Շարունակել ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքը, Եթէ Անոր Առաքելութիւնը Կարելի Չըլլայ Երկարաձգել»

Յաջորդը

Ակնարկ. «Աշխուժ Փուլ»-ի Աւարտ` Նոյեմբերին Ընդառաջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը

October 20, 2026
Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.