Պուլոս. «Թրամփ Լիբանանէն Իսրայէլի Ամբողջական Հեռացման Յանձնառու Է»
Միացեալ Նահանգներու նախագահի արաբական, Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի հարցերով աւագ խորհրդական Մասաատ Պուլոս «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու է հարաւային Լիբանանի վերաբերող համաձայնութեան գործադրութեան` շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իսրայէլեան ամբողջական հեռացման յանձնառու է եւ աշխատանք կը տանի Լիբանանի ու շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար: Ան ըսաւ, թէ որեւէ համաձայնութիւն իր բնոյթէն մեկնելով...




















