Լիբանանեան

Անգարայի Մէջ Աուն-Էրտողան Հանդիպում

Անգարայի Մէջ Աուն-Էրտողան Հանդիպում

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ ետք այցելեց Անգարա: Նախագահը Աթաթուրքի դամբարան այցելելով ծաղկեպսակ զետեղելէ ետք արձանագրած իր գրութեան մէջ նշեց. «Այսօր կանգնամ եմ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի յուշարձանին առջեւ` յարգանքի տուրք մատուցելու այն մարդուն, որ մարմնաւորեց ժողովուրդի կամքը` վերականգնելու իր պետութիւնը եւ զոհաբերութեան միջոցով վերադարձուած հողը վերածեց օրէնքի եւ հաստատութիւններու վրայ հիմնուած հանրապետութեան: «Աթաթուրքի փորձառութիւնը` հակառակ...

Պըրրի. «Ներկայ Ընտրական Օրէնքն Է,  Որ Առանց Որեւէ Բարեփոխումի  Պիտի Գործադրուի»

Պըրրի. «Բանակը Լիբանանը` Միակ Ու Միացեալ Հայրենիքը Կը Պաշտպանէ, Եւ Ոչ Թէ Բռնագրաւողին Սահմանագծած Բնորդային Շրջանները»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լիբանանեան բանակի տօնին առիթով նշեց. «81 տարիներ, եւ լիբանանեան բանակը կը մնայ այն բնորդը, որ քննութեան կ՛ենթարկէ եւ քննութեան չ՛ենթարկուիր, որ կը փորձարկէ եւ չի փորձարկուիր միասնականութեան, ինքնութեան, պատկանելիութեան, զոհաբերութեան եւ հաւատարմութեան մէջ: Կը պաշտպանէ Լիբանանը` միակ ու միացեալ բնորդային հայրենիքը, որուն լիբանանցիները կը ձգտին, եւ ոչ թէ բնորդային շրջանները, որուն սահմանները կրակով, սպանութեամբ եւ քանդումով...

Պասիլ` «Լիբանանի Պաշտպանութիւն»  Հանդիպումի Ընթացքին.  «Համաձայնեցանք Լիբանանի Միասնութեան  Որեւէ Խախտումի Մերժման, Զէնքը Ամբողջովին  Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնելու  Եւ Ազգային Պաշտպանութեան  Ռազմավարութեան Որդեգրման Շուրջ»

Պասիլ` «Լիբանանի Պաշտպանութիւն» Հանդիպումի Ընթացքին. «Համաձայնեցանք Լիբանանի Միասնութեան Որեւէ Խախտումի Մերժման, Զէնքը Ամբողջովին Պետութեան Մենաշնորհը Դարձնելու Եւ Ազգային Պաշտպանութեան Ռազմավարութեան Որդեգրման Շուրջ»

Երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպած «Լիբանանի պաշտպանութիւն» հանդիպումը, որուն մասնակցեցան եւ անոր ընթացքին խօսք արտասանեցին Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի, Նոր Լիբանան պլոքի, Չափաւորականութիւն պլոքի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի, Իթթիհատ կուսակցութեան, Մաշարիհ Խէյրիա Իսլամիա միութեան, Մարատա հոսանքի, Թալալ Արսլանի, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Լիբանանցի ներդրողներու միութեան ներկայացուցիչները: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ հանդիպումի բացումին...

Բագրատունի. «ՀՅԴ-ն Պիտի Շարունակէ Մնալ  Գործընկերը Ազգային Ամէն Ծրագիրի,  Որ Պետութեան Ոտքի Կանգնումն Ու Ազգային  Միասնականութիւնը Կ՛ամրապնդէ»

Բագրատունի. «ՀՅԴ-ն Պիտի Շարունակէ Մնալ Գործընկերը Ազգային Ամէն Ծրագիրի, Որ Պետութեան Ոտքի Կանգնումն Ու Ազգային Միասնականութիւնը Կ՛ամրապնդէ»

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ կազմակերպած «Լիբանանի պաշտպանութիւն» հանդիպումի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Մեծն Լիբանանը ստեղծուեցաւ իր բոլոր բաղադրիչ մասերու ազգային գործընկերութեան վրայ, Լիբանանի Հանրապետութեան ստեղծումով այդ գործընկերութիւնը զարգացաւ, ապա սահմանադրութիւնը զայն ամրագրեց եւ Թաէֆի համաձայնագիրը զայն ամրապնդեց` իբրեւ հայրենիքի միասնութեան եւ կայունութեան իսկական երաշխիք: «Մեկնելով ասկէ` Լիբանանի ապագայի որեւէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԱՅՆ Թինէի մօտիկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Պաապտայի պալատ այցելութիւնը անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող համակարգումի եւ խորհրդակցութեան ծիրին մէջ է, որոնք նախապէս գոյութիւն ունէին, եւ կը շարունակուին Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ, մասնաւորաբար շրջագծային համաձայնութեան գործադրութեան վտանգաւոր ձախողութեան հետեւանքով»: . ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Տիար» օրաթերթին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի Պաապտայի պալատ այցելութիւնը ցոյց կու տայ, որ կտրուած է քաղաքական...

Պաապտայի Պալատին Մէջ  Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Պաապտայի Պալատին Մէջ Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Նախագահական պալատը հաղորդեց. «Հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունը, այսօր կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ անոր հետ անդրադարձաւ տեղական ու շրջանային ընդհանուր կացութիւններուն եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան` հարաւային գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու վրայ իսրայէլեան յարձակումներու շարունակման, մասնաւորաբար տուներու ականահարման ու հողին հաւասարեցման լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ այդ թշնամական արարքները դադրեցնելու անհրաժեշտութեան»: Աուն Պըրրիի ներկայացուցած...

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին  Առիթով Լիբանանեան Կեցուածքներ

Այսօր Թուրքիա Իր Այցելութեան Նախօրեակին. Նախագահ Աուն. «Յոյս Ունինք, Որ Թուրքիան Պիտի Նպաստէ Տնտեսական Վերականգնման Եւ Աջակցի Շրջագծային Բանաձեւին»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն այսօր Թուրքիա իր առաջին այցելութեան նախօրեակին թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հետ բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները համագործակցութեան յառաջադէմ մակարդակի անցնելու ներուժ ունին: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան յոյս ունի, որ Անգարան պիտի նպաստէ տնտեսական վերականգնման, պիտի աջակցի «շրջագծային բանաձեւ»-ի համաձայնագիրի իրականացման եւ պիտի խթանէ հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութիւնը: Աուն նշեց. «Թուրքիան...

Իսրայէլեան Բանակը Հրկիզող Ռումբերով  Թիրախաւորեց Ալի Թահերի Անտառը

Իսրայէլեան Բանակը Հրկիզող Ռումբերով Թիրախաւորեց Ալի Թահերի Անտառը

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երէկ կէսօրին հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակի մեքենայ մը երէկ գիշեր հարաւային Լիբանանի մէջ վնասուեցաւ, եւ բանակը կը հետաքննէ, եթէ այդ մէկը Հըզպալլայի կողմէ կրակոցի հետեւանք է»: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հարցը քիչ մը եւս մանրամասնելով հաղորդեց. «Հարաւային Լիբանանի Ալի Թահեր բարձունքին վրայ ճարտարապետական մեքենայի վրայ անօդաչու թռչող սարքով Հըզպալլայի յարձակումին այսօր տեղի ունենալիք հաւանական հակադարձութիւնը Պէյրութի Հարաւային...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ապահովութեան  Խորհուրդին Իսրայէլի Դէմ Բողոք Ներկայացուց

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Սէուտական Արաբիոյ Եւ Յորդանանի Վրայ Յարձակումները

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Բուռն կերպով կը դատապարտենք Սէուտական Արաբիոյ անվտանգութեան եւ գերիշխանութեան վրայ յարձակումը` Իրաքի տարածքէն արձակուած անօդաչու թռչող սարքերով անոր արեւելեան նահանգին եւ Ռիատի շրջանին մէջ գտնուող նաւթային կառոյցները թիրախաւորելու փորձի միջոցով»: Նախարարութիւնը արտայայտեց «Լիբանանի Հանրապետութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Սէուտական Արաբիոյ եւ ամբողջական նախանձախնդրութիւնը անոր անվտանգութեան, կայունութեան ու հողային ամբողջականութեան նկատմամբ»: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց այս...

Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպում  Կ՛ունենայ Զբօսաշրջութեան Նախարարին Հետ

Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպում Կ՛ունենայ Զբօսաշրջութեան Նախարարին Հետ

28 յուլիսին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սարմէն Պաղտասարեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Լորա Լահուտի հետ: Հանդիպման ընթացքին դեսպան Պաղտասարեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Լահուտին մարտ ամսուան ընթացքին, պատերազմի բռնկումով պայմանաւորուած, Պէյրութէն Երեւան արտահերթ թռիչք իրականացնելու եւ Պուսթան փառատօնին մասնակցութեան համար Լիբանանի մէջ գտնուող Երեւանի երիտասարդական նուագախումբի տարհանման համար առանցքային եւ որոշիչ աջակցութիւն ցոյց տալու հարցին մէջ: Դեսպան Պաղտասարեան Երեւանի քաղաքապետ...

Պուլոս. «Իրան Կ՛ուզէ Որ Հըզպալլան Լիբանանի Մէջ  Գործօն Մնայ, Եւ Մենք Ատիկա Պիտի Չարտօնենք»

Պուլոս. «Իրան Կ՛ուզէ Որ Հըզպալլան Լիբանանի Մէջ Գործօն Մնայ, Եւ Մենք Ատիկա Պիտի Չարտօնենք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի արաբական եւ ափրիկեան հարցերու աւագ խորհրդական Մասաատ Պուլոս յայտնեց. «Իրան կ՛ուզէ, որ Հըզպալլան Լիբանանի մէջ գործօն մնայ, եւ մենք ատիկա պիտի չարտօնենք»: «Տեւական խաղաղութիւնը կը պահանջէ, որ գերիշխան պետութիւնները, եւ ոչ թէ ահաբեկիչ գործակատարները, իրենց հողերուն վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն ունենան», շեշտեց Պուլոս: «Իսրայէլի եւ Լիբանանի կառավարութիւններուն միջեւ պատմական բանակցութիւնները, որոնք իրագործուեցան շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» իմացած է, որ լիբանանեան պետութիւնը նախագահ Ժոզեֆ Աունի յառաջիկայ օրերուն սպասուող Թուրքիա այցելութեան ընթացքին թրքական նախաձեռնութեան մը կը սպասէ, մանաւանդ որ Անգարայի մէջ պաշտօնատարները կը հաստատեն, որ Լիբանանին, մասնաւորաբար ուժանիւթի ոլորտին մէջ, օգնելու նկատմամբ դրական տրամադրուած են: . «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Պաապտայի պալատին ու Այն Թինէի միջեւ հաղորդակցութիւնը կը շարունակուի, սակայն խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի նախագահական պալատ...

«Առաջին Փորձառական Շրջաններու  Մեկնարկը` Քանի Մը Օրէն»  Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Պաշտօնատարի Մը. Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Հռոմի Մէջ Բանակցութիւնները` 4-էն 6 Օգոստոսի Միջեւ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Հռոմի մէջ` 4-էն 6 օգոստոսի միջեւ: «Թեքնիք պատուիրակութիւնները Հռոմի մէջ պիտի կեդրոնանան շրջագծային համաձայնագիրի ամբողջական գործադրութեան յառաջ մղման վրայ», ըսած է պաշտօնատարը` այս առումով մատնանշելով «փորձնական շրջաններ» գործողութեան ծիրի ընդլայնումը, առկախ սահմանային հարցերու կարգաւորումը եւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան համապարփակ համաձայնութեան...

Սալամ. «Լիբանանի Բնական Տեղը Էր Եւ Պիտի Մնայ Անոր Արաբական Խորքն  Ու Արաբ Եղբայրներուն Միջեւ»

Սալամ. «Լիբանանի Բնական Տեղը Էր Եւ Պիտի Մնայ Անոր Արաբական Խորքն Ու Արաբ Եղբայրներուն Միջեւ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու խորհրդարանի նախագահ Սաքըր Ղապաշը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Ֆահտ Սալեմ Սաժիտ Քաապիի: Սալամ յայտնեց. «Իր արաբական խորքին հետ Լիբանանի կապը որքան ամուր ըլլայ, Լիբանանը կրնայ աւելի արագ ընթանալ ոտքի կանգնելու եւ բարգաւաճման ուղիով, եւ արաբական գործակցութիւնը որքան խորանայ, այնքան մեր պետութիւններուն անվտանգութիւն ու կայունութիւն հաստատելու եւ մեր ժողովուրդներու...

Սին Էլ Ֆիլի Մէջ Երեք Դրամատուներու  Առջեւ Բողոքի Ցոյց

Սին Էլ Ֆիլի Մէջ Երեք Դրամատուներու Առջեւ Բողոքի Ցոյց

«Սարխեթ Մուտիհին» միութիւնը երէկ Սին Էլ Ֆիլի Հըրշ Թապեթ շրջանին մէջ երեք դրամատուներու առջեւ դրամատնային հաշիւներու արգելափակման շարունակման պատճառով «զգուշացման քայլ» մը կատարեց: Շրջանին մէջ երեք դրամատուներու առջեւ տեղի ունեցան հաւաքներ, որոնց ընթացքին անիւներու հրկիզում եւ կարգ մը դրամատուներու ապակիներու կոտրտում տեղի ունեցաւ:  

Թիւրք. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Կարգ Մը  Քայլերը Կրնան Պատերազմական Ոճիրներ Նկատուիլ»

Թիւրք. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլեան Կարգ Մը Քայլերը Կրնան Պատերազմական Ոճիրներ Նկատուիլ»

ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Վոլքեր Թիւրք նշեց, որ ցնցուած է Լիբանանի մէջ իր տեսած աւերի եւ տառապանքի տարողութենէն` աւելցնելով, որ ցնցումի, ճնշուածութեան եւ յուսահատութեան զգացումները ակներեւ էին, եւ ինք նաեւ կը զգար արդարութեան խիստ պահանջ, որ արտայայտուած է անոնց կողմէ, որոնց հետ հանդիպում ունեցած է: Լիբանան կատարած երկօրեայ այցելութեան աւարտին Թիւրք լրագրողներուն ըսաւ. «Գրասենեակս նկատած է միջազգային մարդասիրական օրէնքի լայնածաւալ...

Ապու Ֆաուր. «Հանրապետութեան Նախագահին  Ու Կառավարութեան Հետ Խզում Չկայ»

Ապու Ֆաուր. «Հանրապետութեան Նախագահին Ու Կառավարութեան Հետ Խզում Չկայ»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Լիբանանը աւելի մեծ հակամարտութեան մը յաւելուածը եղող բեմ է, եւ կը թուի, թէ այդ հակամարտութեան լուծում չկայ, եւ այնքան ատեն որ աւելի մեծ մակարդակի վրայ լուծում չկայ, չեմ կարծեր, որ ներքին մակարդակի վրայ լուծում կայ»: «Հըզպալլայի զէնքին նախկին ձեւաչափին չենք կրնար վերադառնալ: Կը հաստատենք նախագահ...

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը  Կը Վերահաստատէ Նախագահ Աունի  Դիրքորոշումներուն Եւ Ազգային  Ընտրանքներուն Նկատմամբ Զօրակցութիւնը

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը Կը Վերահաստատէ Նախագահ Աունի Դիրքորոշումներուն Եւ Ազգային Ընտրանքներուն Նկատմամբ Զօրակցութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի պատուիրակ երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշին եւ անոր ներկայացուց Ուաշինկթըն իր այցելութեան արդիւնքները: Ռիաշի վերահաստատեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հանրապետութեան նախագահի դիրքորոշումներուն եւ պետութեան իշխանութիւնը անոր բոլոր հողերուն վրայ տարածելու ազգային ընտրանքներուն զօրակցութիւնը:    

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

. ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց. «Կազայի 70 առ հարիւրը քանդեցինք, եւ այդ բնորդը կիրարկեցինք Հարաւային Լիբանանի մէջ»: . ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին. «Շրջագծային համաձայնութիւնը Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման միակ ուղին է»: . ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Հատաս»-ին. «Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի նախագահներ Տանըլտ Թրամփի եւ Ժոզեֆ Աունի միջեւ արդիւնաւէտ ժողովը դրական անդրադարձ ունեցաւ Լիբանանի...

Նեթանիահու. «Ամերիկացիները Կազայէն, Սուրիայէն Եւ Լիբանանէն Հեռացումներու Շարք Մը Պիտի Պահանջեն, Եւ Ես Այդ Մէկը Կը Մերժեմ»

Նեթանիահու. «Ամերիկացիները Կազայէն, Սուրիայէն Եւ Լիբանանէն Հեռացումներու Շարք Մը Պիտի Պահանջեն, Եւ Ես Այդ Մէկը Կը Մերժեմ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներ մեկնելէ առաջ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդին յայտնեց, որ պիտի մերժէ Կազայէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն հեռացումներ կատարելու ամերիկացիներու պահանջները: «Ամերիկացիները Կազայէն, Սուրիայէն ու Լիբանանէն հեռացումներու շարք մը պիտի պահանջեն, եւ ես այդ պահանջները կը մերժեմ», ըսած է ան: Աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանին յայտնած են, որ ան նախարարներուն ըսած է, թէ մտադիր է վճռական կեցուածք որդեգրել...

Page 19 of 985 1 … 18 19 20 … 985

Արխիւներ