Երէկ իր մահկանացուն կնքեց Լիբանանի նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսը: Ան ծնած էր 20 դեկտեմբեր 1929-ին:
Սելիմ Հըս վարչապետի պաշտօնը հինգ անգամ վարած է, եւ 1976-էն 2000 թուականի միջեւ ստանձնած է նախարարական հինգ պաշտօններ` արտաքին գործոց, ճարտարարուեստի, քարիւղի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի, կրթութեան ու արուեստի եւ աշխատանքի:
Ան երկու իրերայաջորդ անգամներ ընտրուած է խորհրդարանի անդամ եւ Թաէֆի համաձայնագիրի որդեգրման մէջ կարեւոր դեր կատարած:
Սելիմ Հըս հեղինակ էր 19 գիրքերու:


