Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «Ներկայ Դժուար Փուլին Առաջնահերթութիւնը Ներքին Միասնականութեան Եւ Վեր Կանգնելուն Է Տարակարծութիւններէն, Որոնց Ժամանակը Չէ Հիմա»

August 23, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վերահաստատեց, որ ներկայիս իր կատարած հաղորդակցութիւններուն եւ դիւանագիտական հանդիպումներուն նպատակը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն` ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան մեքենայական երկարաձգման ապահովումն է, որուն զուգահեռ ինք հաղորդակցութիւններ կ՛ունենայ դադրեցնելու Լիբանանի դէմ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումը, ինչպէս նաեւ ապահովել ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ որոշումը հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան լուծման բնական ու հիմնական բանալին է:

Միքաթի վարչապետարանին մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման վերաբերեալ իր հաղորդակցութիւններուն ընթացքին երեւան եկած է, որ անոր առաքելութիւնը անփոփոխ պահելու եւ զայն բարեփոխման ենթարկելով արդէն իսկ դժուար եղող մթնոլորտը առաւել եւս չբարդացնելու լիբանանեան պահանջը դրական ընկալում ունի, «եւ կը յուսանք, որ այս ուղղուածութիւնը  այս ամսուան աւարտէն առաջ իր արձագանգը գտնէ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութեան եւ առաքելութեան պահպանման մէջ»:

«Ներկայ դժուար փուլին կը շեշտեմ առաջնահերթութիւնը ներքին միասնականութեան եւ վեր կանգնելու տարակարծութիւններէն, որոնց ժամանակը չէ հիմա, եւ կարիքը չկայ արդէն իսկ տագնապալից իրողութեան վրայ յաւելեալ լարուածութիւններ աւելցնելու: Ես քաղաքագէտներուն, ինչպէս նաեւ լրատուական մարզի պաշտօնատարներուն կոչ կ՛ուղղեմ չտարածելու լուրեր եւ վերլուծումներ, որոնք լիբանանցիներուն մօտ սարսափը կ՛աւելցնեն եւ մթնոլորտը հետզհետէ աւելի լարուած կը դարձնեն», աւելցուց ան:

«Կառավարութիւնը կը շարունակէ մեր գտնուած դժուար փուլէն անցնելու իր աշխատանքը, եւ ան որ լուծման գործնական առաջարկներ ունի, ապա զանոնք թող ներկայացնէ, փոխանակ քննադատութեան սիրոյն քննադատելու կամ դիմելու ժխտականութեան կամ պոյքոթի զէնքին, որ որեւէ լուծում չ՛առաջարկեր», յայտնեց Միքաթի:

 

Նախորդը

Պրիք. «Իսրայէլ Մէկ Տարիէն Պիտի Քայքայուի, Եթէ Համասի Եւ Հըզպալլայի Հետ Մաշեցման Պատերազմը Շարունակուի»

Յաջորդը

Պու Հապիպ. «Կազայի Շուրջ Բանակցութիւններուն Ձախողութիւնը Կրնայ Շրջանի Կացութիւնը Վերահսկողութենէ Դուրս Բերել»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.