«Մեթա» ընկերութիւնը զեկուցում մը հրապարակելով յայտնեց, որ Դիմատետրէն 112 հաշիւներ եւ 65 էջեր ջնջած է, ինչպէս նաեւ 49 էջեր ջնջած է «Ինսթակրամ»-էն` ընկերութեան քաղաքականութիւնը խախտելնուն պատճառով:
«Մեթա» նշեց, որ այդ ցանցը կը գտնուի Վիեթնամի մէջ եւ աշխատանք տարած է թիրախաւորելու Միացեալ Նահանգները, Լիբանանը, Բրիտանիան, Ֆրանսան, Սէուտական Արաբիան ու Քաթարը:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, ընկերութիւնը յայտնեց, որ նշեալ ցանցը կեդրոնացած է ստեղծմանը վրայ ելեկտրոնային կայքերու, որոնց նպատակը Իսրայէլի եւ Համասի պատերազմին մէջ Իրանի մասնակցութիւնը քննադատելն է, եւ Լիբանանի կոչ ուղղելը` խուսափելու 2006 թուականի պատերազմին նման բեմագրութենէ մը:
«Մեթա» նշեց, որ Վիեթնամի մէջ գտնուող այդ ցանցը կը կանգնի «Լիբանանը պատերազմը չ՛ուզեր» հաշթեկով գործող արշաւին ետին, որ ըստ լիբանանեան լրատուամիջոցներու, կազմակերպուած է խումբ մը լիբանանցի երիտասարդներու եւ գործարարներու կողմէ եւ կը վայելէ աջակցութիւնը Արաբական ծոցին մէջ գործող գովազդային ընկերութեան մը տնօրէնին:
Ընկերութիւնը հաղորդեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ այս ցանցին մաս կազմող անհատները փորձած են իրենց ինքնութիւնն ու գործակցութիւնը ծածկել, սակայն «Մեթա»-ի հետաքննութիւնները բացայայտած են վիեթնամեան «Էլ.Թի.մետիա» ընկերութեան հետ գործակցութիւնը:


