Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն լոյսին տակ հրաւիրեց նախարարական արտակարգ ժողով մը:
Առաւօտեան ժամը 10:30-ին Միքաթիի տան մէջ արտակարգ ժողովին մասնակցեցան նախարարի պաշտօնակատարներ Ապտալլա Պու Հապիպ, Հանրի Խուրի, Ֆիրաս Ապիատ, Նասեր Եասին, Ամին Սալամ, Ալի Համիէ, Ուալիտ Ֆայեատ, Հարաւի խորհուրդի նախագահ Հիշամ Հայտար, Պաշտպանութեան բարձրագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Մուսթաֆա:
Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, առողջապահական, պատսպարման, սննդական, վառելանիւթի ոլորտներոն մէջ արտակարգ ծառայութիւնները, ինչպէս նաեւ առնչակից միջազգային կազմակերպութիւններու եւ արտակարգ կացութեան ծրագիրի գործադրութեան գործընկեր քաղաքացիական հասարակութեան մարմիններու հետ հաղորդակցութիւններու արդիւնքները:
Վարչապետի պաշտօնակատարը ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Մագլցումը դադրեցնելու համար Լիբանանի բարեկամներուն հետ հաղորդակցութիւններու շարք մը կը կատարուի»:
«Պահանջուածը նախ եւ առաջ իսրայէլեան յարձակումի դադրեցումն է եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրումը», նշեց Միքաթի:
Ան վերահաստատեց «Լիբանանի զօրակցութիւնը միջազգային ջանքերուն, որոնք կրնան Կազայի մէջ զինադադարի յանգեցնել»:


