Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Բանակի Սպայակոյտի Պետին Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. Սիսի «Լիբանանի Մէջ Նոր Ճակատ Բանալու Վտանգներէն» Կը Զգուշացնէ

August 26, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի երէկ Միացեալ Նահանգներու բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Չարլզ Պրաունի հետ Գահիրէի մէջ հանդիպումի ընթացքին զգուշացուց «Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ նոր մագլցումէն ետք Լիբանանի մէջ նոր ճակատ բանալու վտանգներէն»:

«Պէտք է պահպանել Լիբանանի կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը», նշեց Սիսի:

Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համար «վճռական կեցուածք» որդեգրելու: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը:

Եգիպտոսի նախագահը նաեւ շեշտեց. «Պէտք է դրական ընկալել եգիպտական, ամերիկեան եւ քաթարեան միացեալ ջանքերը, որոնց նպատակը Կազայի մէջ պատերազմը անմիջապէս դադրեցնելու եւ գերիներու ու կալանաւորուածներու փոխանակում կատարելու համաձայնութիւն գոյացնելն է»:

Նախքան այդ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով զգուշացուց «Լիբանանի մէջ պատերազմի նոր ճակատ բանալու վտանգներէն»` շեշտելով. «Լիբանանի կայունութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելու եւ շրջանը համապարփակ անկայունութեան կացութեան մէջ ներքաշելէ խուսափելու կարեւորութիւնը»:

Նախարարութիւնը նշեց, որ Եգիպտոս խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի լիբանանեան-իսրայէլեան ճակատին վրայ արձանագրուած մագլցումին` կոչ ուղղելով միջազգային ու շրջանային ջանքերը միացնելու` նուազեցնելու համար շրջանին մէջ լարուածութեան ու անկայունութեան սրութիւնը եւ աշխատանք տանելու հանդարտութեան հաստատման ու մագլցումը վերահսկողութեան տակ առնելու համար:

«Հարաւային Լիբանանի շրջանին մէջ արձանագրուող վտանգաւոր ու արագ զարգացումները յստակ ցուցանիշ են այն բանին, որմէ Եգիպտոս զգուշացուց` Կազայի մէջ տագնապի զարգացումներուն եւ այնտեղ պաղեստինցի ժողովուրդին վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն լոյսին տակ շրջանին մէջ անպատասխանատու մագլցումի վտանգներուն պատճառով», յայտնեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Նախորդը

ՖԻՆԻՒԼ-ն Ու Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչի Գրասենեակը Կոչ Կ՛ուղղեն Յաւելեալ Մագլցումէ Ետ Կանգնելու

Յաջորդը

Նեթանիահու. «Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Ունեցաւ, Աւարտը Չէ, Անիկա Հիւսիսի Մէջ Կացութիւնը Փոխելու Ուղղութեամբ Քայլ Մըն Է»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.