Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարները Իսրայէլը Պատասխանատու Կը Նկատեն Մագլցումին Եւ Զօրակցութիւն Կը Յայտնեն Լիբանանին

Սեպտեմբեր 25, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբ արտաքին գործոց նախարարները Արաբական լիկայի խորհուրդի տարեկան խորհրդատուական ժողովի ընթացքին ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեցին Լիբանանի կառավարութեան ու ժողովուրդին` ընդդէմ Լիբանանի դէմ «իսրայէլեան վտանգաւոր մագլցումին»:

Արաբ արտաքին գործոց նախարարները բուռն կերպով դատապարտեցին Լիբանանի վրայ հետզհետէ մագլցում արձանագրող իսրայէլեան յարձակումը, մանաւանդ որ անիկա երկուշաբթի օր մէկ օրուան մէջ 492 զոհի եւ 1645 վիրաւորի արձանագրման պատճառ դարձած է:

Արաբական լիկայի խորհուրդի խորհրդակցական նիստը գումարուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նիստի ծիրին մէջ եւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով:

Ժողովէն ետք հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութիւնը նշեց. «Ժողովը քննարկեց Կազայի վրայ Իսրայէլի շղթայազերծած վայրագ պատերազմի կացութեան զարգացումները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան վտանգաւոր մագլցումը»:

Արաբ նախարարները «ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեցին Լիբանանին` ընդդէմ այս յարձակումին, Իսրայէլը պատասխանատու նկատելով այս վտանգաւոր մագլցումին համար եւ զգուշացնելով վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ Լիբանանի վրայ լայնածաւալ յարձակում շղթայազերծելու հետեւանքներէն, ինչ որ կրնայ համապարփակ շրջանային պատերազմի ծագման յանգեցնել եւ կը սպառնայ ամբողջ շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան»:

Միւս կողմէ, Սէուտական Արաբիան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով խոր մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ ապահովական զարգացումներուն նկատմամբ` զգուշացնելով բռնարարքներու մագլցումէն, եւ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց` ինքնազսպում ցուցաբերելու:

 

 

Նախորդը

Եի. «Միջազգային Ընտանիքը Լիբանանի Մէջ Մագլցումին Նկատմամբ Աւելի Յստակ Կեցուածք Պէտք Է Որդեգրէ»

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «Լիբանան Իսրայէլեան Ցամաքային Ներխուժման Դէմ Ենք Եւ Լրջօրէն Դիւանագիտական Լուծումի Հասնելու Կ՛աշխատինք»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?