Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի. «ՄԱԿ-ը, Ապահովութեան Խորհուրդն Ու Ազդեցիկ Պետութիւնները Պէտք Է Արդարութեան Կողքին Կանգնին Եւ Յարձակումը Զսպեն»

Սեպտեմբեր 24, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան նիստի սկիզբը իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Այսօր կը շարունակենք պետական ամավարկի նախագիծի քննարկումը` այն յոյսով, որ, ինչպէս համաձայնած էինք, զայն կ՛աւարտենք եւ սահմանադրական ժամկէտի մէջ կը յղենք խորհրդարանին: Ես կը շարունակեմ քննարկումը ժամանակաւոր ընկերային յատկացումներուն` սպասելով քննարկման ամբողջական նախագիծին, որ պիտի յղենք խորհրդարանին»:

«Այս առումով շարք մը ժողովներ գումարեցի, մասնաւորաբար զինուորականներու ներկայացուցիչներուն հետ, եւ անոնց վստահեցուցինք, որ կառավարութիւնը պիտի չուշանայ տրամադրելու կարելի եղած օժանդակութիւնը, որովհետեւ լիարժէք կերպով կը գիտակցի կացութեան նրբութեան, որմէ կը տառապի պետական մարզը, սակայն մագլցումի եւ սպառնական հռետորաբանութիւնը լուծումի չ՛առաջնորդեր», ըսաւ ան:

«Այն, ինչ որ ՄԱԿ-ի  ընդհանուր քարտուղարը յայտարարեց հարաւային Լիբանանի երկրորդ Կազայի վերածման մասին, եւ թէ ասիկա պատերազմ մըն է, որ պէտք է աւարտի, կեցուածք մըն է, որ պէտք է բոլորին, մասնաւորաբար որոշում տուող երկիրներուն համար խթան ըլլայ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի վերջինս դադրեցնէ իր յարձակումը, գործադրէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2735 որոշումը եւ պաղեստինեան դատը լուծէ երկու պետութիւններու եւ արդար ու համապարփակ խաղաղութեան սկզբունքներուն վրայ», նշեց Միքաթի:

Վարչապետի պաշտօնակատարը շեշտեց. «Լիբանանի վրայ շարունակուող յարձակումը բառին բուն իմաստով ցեղասպանական պատերազմ է եւ քանդման ծրագիր, որուն նպատակն է քանդել լիբանանեան գիւղերն ու գիւղաքաղաքները եւ վերջ տալ բոլոր կանաչապատ տարածքներուն: Մեր բոլոր հաղորդակցութիւններուն ընթացքին ՄԱԿ-ին, Ապահովութեան խորհուրդին եւ ազդեցիկ պետութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք` իրաւունքի կողքին կանգնելու եւ յարձակումը զսպելու: Կը վերահաստատենք թիւ 1701 որոշումին նկատմամբ մեր ամբողջական յանձնառութիւնը, իբրեւ կառավարութիւն աշխատանք կը տանինք դադրեցնելու իսրայէլեան նոր պատերազմը եւ կարելի եղածին չափ կը խուսափինք անորոշին մէջ իյնալէ»:

Տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մաքարի ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան ժողովէն ետք յայտարարեց. «2025 թուականի ամավարկը որդեգրուեցաւ եւ համաձայնութիւն գոյացաւ պետական մարզի աշխատակիցներուն ու հանգստեան կոչուածներուն ժամանակաւոր փոխհատուցում եւ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու»:

«Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի բոլոր նախարարներուն կոչ ուղղեց` վաղուան նիստին մասնակցելու եւ իրենց ազգային պարտաւորութիւններուն տէր կանգնելու», նշեց Մաքարի:

Պատասխանելով հարցումի մը` ան ըսաւ. «Աստուած ուզէ պատերազմ չ՛ըլլար, սակայն եթէ ըլլայ, մենք ստիպուած ենք պատրաստ ըլլալու»:

Նախորդը

Պըրրի. «Իսրայէլեան Թակարդը Պիտի Չիյնանք, Այլ Պիտի Դիմադրենք Անոր Ծրագիրին»

Յաջորդը

Քըրպի. «Իսրայէլացիները Հիւսիսի Մէջ Իրենց Տուները Վերադարձնելու Համար Պատերազմէն Եւ Հըզպալլայի Դէմ 2-րդ Ճակատ Բանալէն Աւելի Լաւ Ուղիներ Կան»

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?