– ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Նաշրա» կայքին յայտնած են, թէ տարբեր երկիրներու միջեւ հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ մագլցումը դադրեցնելու համար, եւ «յաջորդ օրուան» մասին լուրջ խօսակցութիւն տեղի կ՛ունենայ, մինչ առնչակիցներուն մօտ մագլցումը դադրեցնելու պատրաստակամութիւն գոյութիւն ունի, ինչ որ երեւան պիտի գայ Նիւ Եորքի մէջ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի ֆրանսացի եւ բրիտանացի պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ արեւմտեան երկիրներու, Թեհրանի, Ուաշինկթընի եւ Փարիզի միջեւ հաղորդակցութիւններուն ընթացքին:
– ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Լիբանանը անդունդի եզրին է: Լիբանանի ժողովուրդը, Իսրայէլի ժողովուրդը եւ աշխարհի ժողովուրդը պէտք չէ արտօնեն, որ Լիբանանը նոր Կազա դառնայ»:
. «ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն յայտնած է, որ պէտք է Իսրայէլն ու Հըզպալլան մղել դադրեցնելու բռնարարքները եւ խուսափելու աւելի լայնածաւալ պատերազմէ:
Սալիվըն նշած է, որ գոյութիւն ունին համաձայնութեան հասնելու ճամբաներ, սակայն անոնք դարձդարձիկ են եւ հիասթափեցնող: Ան բացառած է, որ կողմերը ներկայիս որեւէ առաջարկ ընդունին:
– ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ կառավարութիւնը յայտարարեց. «Շուրջ 700 բրիտանացի զինուորներ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ մագլցումէն ետք արտակարգ ծրագիրներու ծիրին մէջ պիտի փոխադրուին Կիպրոս»:
Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ճոն Հիլի իր կարգին ըսաւ. «Կը շարունակենք բոլոր կողմերը յորդորել հակամարտութենէն ետդարձ կատարելու` կեանքերու յաւելեալ ողբերգական կորուստը կանխարգիլելու համար»:
– ՔՐԵՄԼԻՆ երէկ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` «կարելի եղածին չափ շուտ հեռանալու Լիբանանէն»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցով նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ ՄԱԿ-ի մէջ իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ամերիկան միակ պետութիւնն է, որ կրնայ շրջանին մէջ իսկական տարբերութիւն յառաջացնել:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանը առանձինը չի կրնար կռիւին վերջ տալ, եւ կարիքը ունի Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեան` հակառակ անցեալի յուսախաբութիւններուն:
«Ամերիկան մեր փրկութեան բանալին է», շեշտեց Պու Հապիպ:
– ՓՈՐՁԱԳԷՏՆԵՐ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին կը յայտնեն, որ Լիբանանի վրայ երկուշաբթի օրուան իսրայէլեան օդային յարձակումները արդի պատերազմներուն մէջ ամէնէն բուռն օդային յարձակումներէն էին:
– ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտարարեց. «Լիբանանի պատմութեան ներկայ փուլին մէջ ազգային միասնականութիւնը բարոյական եւ քաղաքական պարտաւորութիւն է: Հարաւի, Պեքաայի եւ Հարաւային արուարձաններու մեր հարազատները բոլոր լիբանանցիներուն համար աւանդ են, եւ անոնց աջակցիլը բոլոր նկատառումներէն վեր է»:
– «ԱՆՆՈՒԱՃ ՖՐԱՆՍԱ» կուսակցութեան ղեկավար Ժան Լիւք Մելանշոն յայտարարեց. «Լիբանանը այսօր ռմբակոծման կ՛ենթարկուի, ինչպէս նաեւ մէկ տարիէ ի վեր Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն տեղի կ՛ունենայ»:
Այս իրողութեան առջեւ ան կոչ ուղղեց` «չվարուելու այնպէս, թէ լռութիւնը մեզ մեր պատասխանատուութենէն կ՛ազատէ: Ուզենք կամ չուզենք մենք անոր առնչակից ենք»:
– ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարութեան տեղեկատուութեան գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւնը կ՛ուզէ քաղաքացիները հանգստացնել, որ տեղական շուկային մէջ գտնուող ցորենի պահեստը առնուազն երկու ամսուան համար բաւարարէ, եւ բոլորին կոչ կ՛ուղղենք` հացը կամ ալիւրը մեծ քանակով գնելէ խուսափելու, որովհետեւ ցորենի մատակարարումը կանոնաւոր կերպով կ՛ապահովուի` երաշխաւորելու համար շուկայի կայունութիւնը»: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ մօտ օրէն յաւելեալ քանակով ցորեն եւ ալիւր պիտի հասնի Լիբանան:
– ԴԵՂՈՐԱՅՔ ներածողներու եւ պահեստանոցներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Ղրայեպ յայտնեց, որ երկրին մէջ դեղերու պահեստը 5 ամսուան համար բաւարար է:
– ՄԱԿ. «Հազարաւոր լիբանանցիներ եւ սուրիացիները սահմանէն Սուրիա մեկնեցան»:
– ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան երեքշաբթի օր Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանի կեցութեան վայրին մէջ հանդիպում ունեցած է Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի դեսպաններուն հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է ջանքերու միաւորման հարցը, Լը Տրիանի ունեցած հանդիպումներու մթնոլորտին ծանօթացում տեղի ունեցած է եւ ներկայ պայմաններուն մէջ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը ընդգծուած է: