Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի Նիւ Եորքի մէջ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ իր հանդիպումին ընթացքին Միջին Արեւելքի կացութեան շուրջ տեսակէտներու փոխանակում կատարած է:
Եի զօրակցութիւն յայտնած է «Լիբանանին` իր գերիշխանութեան եւ անվտանգութեան պահպանման համար»:
«Բուռն կերպով կ՛ընդդիմանանք քաղաքայիններու վրայ անկանոն յարձակումներուն», ըսած է ան` բուռն կերպով քննադատելով իսրայէլեան լայնածաւալ ոտնձգութիւնները:
Չինական դիւանագիտութեան պետը յայտնած է, որ իր երկիրը բուռն կերպով կը դատապարտէ միջազգային յարաբերութիւնները կանոնաւորող հիմնական արժեչափերու որեւէ ոտնահարում:
«Միջազգային ընտանիքը Լիբանանի մէջ մագլցումին նկատմամբ աւելի յստակ կեցուածք պէտք է որդեգրէ», յայտարարած է Եի: