Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ պատկերասփռուած զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Դիմադրութիւնը լաւ վիճակի մէջ է եւ կը շարունակուի, սակայն վիրաւորուեցաւ, վնասուեցաւ եւ զոհեր տուաւ: Սակայն արդեօք ոեւէ մէկը կը սպասէ՞, որ Դիմադրութիւնը առանց զոհաբերութեան շարունակուի»:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց. «Զինադադարի համաձայնութիւնը յստակ է, ատիկա յայտարարուեցաւ ու հրապարակուեցաւ, եւ անոր մէջ «Լիթանի գետի հարաւ» եզրը 5 անգամ կրկնուեցաւ: Չկայ գաղտնի համաձայնութիւն կամ գաղտնի կէտեր, եւ մենք Ամերիկայի եւ Իսրայէլի միջեւ որեւէ համաձայնութեան հետ կապ չունինք: Այս համաձայնութիւնը մաս կը կազմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին, եւ յստակ է, թէ Իսրայէլ պէտք է հեռանայ լիբանանեան հողերէն, եւ 60 օրուան ընթացքին ինչ որ կատարեց խախտում է»:
«Այն, ինչ որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը Հըզպալլայի Իսրայէլին պատրուակ տալու մասին ըսաւ, բացարձակապէս անպատշաճ է, եւ ան է, որ Իսրայէլին պատրուակ կու տայ, եւ ոչ թէ` մենք: Թշնամին մինչեւ հիմա (համաձայնութեան) 2000 խախտում կատարեց, եւ նախարարը պէտք է ըսէ, որ Իսրայէլ պէտք է դուրս գայ Լիբանանէն, եւ մենք չենք ընդունիր, որ անիկա բռնագրաւուած ըլլայ: Իբրեւ կուսակցութիւն, համաձայնութեան յանձնառու եղանք, եւ դուրս եկանք Լիթանի գետի հարաւային շրջանէն», ըսաւ ան:
«Մենք նոր փուլի մէջ ենք, ուր սկզբունքները չեն փոխուած, սակայն գործելաոճը, ձեւերն ու ժամանակները պիտի փոխուին, եւ անշուշտ Դիմադրութեան աշխատանքը գոյութիւն ունենալէ չդադրեցաւ, եւ եթէ Դիմադրութիւնը դադրի գոյութիւն ունենալէ, Լիբանանէն ի՞նչ կը մնայ», հարց տուաւ ան:
«Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ մեր յարաբերութիւնները որոշ դրական ջերմութիւն ունի, իսկ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ կացութիւնը տակաւին չկայունացաւ, սակայն նախանձախնդիր ենք անոր հետ գործակցելու, եւ կառավարութեան մեր մաս կազմելը եւ վստահութիւն շնորհելը կը նշանակէ, թէ դրականութեամբ մեր ձեռքերը երկարեցինք», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
«Մենք եւս կը խօսինք ներքին ապահովութեան ուժերու եւ լիբանանեան բանակի զէնքի մենաշնորհին մասին` Լիբանանի մէջ անվտանգութեան պահպանման ու պաշտպանութեան համար, եւ դէմ չենք, որ անոնք պատասխանատու ըլլան: Կը մերժենք միլիսներու տրամաբանութիւնը, եւ թէ ոեւէ մէկը պետութեան մասնակից ըլլայ անոր անվտանգութեան պաշտպանման մէջ, սակայն մենք իսրայէլացի թշնամիին դէմ Դիմադրութիւն ենք», յայտարարեց շէյխ Քասեմ:
Ան նաեւ նշեց. «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ յարաբերութիւնը չընդհատուեցաւ, եւ մեզի հետ դաշնակից մնացողներուն հետ տագնապի մէջ չենք: Մենք նախանձախնդիր ենք կարելի եղածին չափ փոխհասկացողութեան կամ ներքին դաշինքի: Ինչ կը վերաբերի Մուսթաքպալ հոսանքին, ապա անոր հետ համաձայնութեան ազդակները ապահովուած են, հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի միտքը բաց է, եւ Մուսթաքպալ հոսանքի հետ գործակցութեան կարելիութիւն կայ»:
«Պիտի մասնակցինք յառաջիկայ քաղաքապետական ընտրութիւններուն, եւ Ամալ շարժումին հետ համաձայնեցանք վերանորոգելու Նասրալլայի եւ Պըրրիի միջեւ գոյութիւն ունեցած համաձայնութիւնը», ըսաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
Շէյխ Քասեմ նաեւ յայտնեց. «Վերաշինութիւնը պետութեան պատասխանատուութիւնն է, որովհետեւ Իսրայէլ լիբանանցի քաղաքացիներու վրայ յարձակում գործեց: Մենք պատերազմ չշղթայազերծեցինք, այլ յարձակումի դէմ դրինք, եւ (Կազային) թիկունք կանգնիլը պատերազմին պատճառը չէ, այլ ատիկա իսրայէլեան որոշումով էր»:
«Իրանի վրայ յարձակումը շատ մեծ գին ունի, եւ ամբողջ շրջանին վրայ կ՛ազդէ: Դիմադրութեան առանցքը հարուած ստացաւ, ատիկա ճիշդ է, սակայն Դիմադրութիւնը շարունակուեցաւ», նշեց ան:
Շէյխ Քասեմ յայտնեց. «Տակաւին կանուխ է ըսել, թէ Սուրիոյ կացութիւնը դէպի ո՛ւր կ՛ուղղուի, սակայն այնտեղ մասնատման ազդանշանները ակներեւ կերպով գոյութիւն ունին»:
«Մեր կողմէ, Սուրիոյ մէջ միջամտութիւն չկայ, եւ իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ դիմադրութեան կազմութիւնը չենք բացառեր», նշեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:


