Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խուրի. «Լիբանանի Առաջնահերթութիւնը Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Չէ, Այլ Հողերու Ազատագրումը»

March 14, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Էլիաս Խուրի «Տիար» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այն, ինչ որ սուրիական վարչակարգի յեղաշրջման օրը պատահեցաւ, այսօր կը շարունակուի: Կը տեսնենք, որ սուրիական պատկերը վերջնական չէ եւ քանի մը փուլերով պիտի շարունակուի: Դէպքերը ցաւալի են ու շատ մեծ, եւ կրնան հիւսիսային Լիբանանի մէջ արձագանգ ունենալ, մանաւանդ, որ ուղղակի կերպով կ՛ազդուինք Սուրիոյ իրադարձութիւններէն, որովհետեւ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանը հիւսիսային Լիբանանի մէջ մեծ ազդեցութիւն ունի` սկսելով Աքքարէն եւ հասնելով Թրիփոլիի մէջ Ժապալ Մուհսեն: Այս դէպքերը բնական է, որ Լիբանանի մէջ արձագանգ ունենան»:

Անդրադառնալով սուրիացի զինեալներու հիւսիսային Լիբանան ներթափանցման նկատմամբ ոմանց մտավախութիւններուն` ան ըսաւ. «Լիբանանեան բանակը կը կատարէ սահմանը պաշտպանելու իր դերակատարութիւնը, եւ չեմ կարծեր, որ հարցերը կրնան այդ ուղղութեամբ ընթանալ, եւ զինեալներ նախապէս մշակուած ծրագիրի հիմամբ հիւսիսային Լիբանան մուտք գործեն: Ուստի այդ առնչութեամբ մտավախութիւններ չկան, սակայն կայ խնդիրը Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանէն տեղահանուածներուն, որոնց մեծամասնութիւնը ալեւի համայնքէն է, որոնք ուղղուեցան Աքքարի շրջան եւ հոն հաստատուեցան, իսկ ուրիշներ Ժապալ Մուհսեն եկան, ուստի լիբանանեան պետութիւնը պէտք է իր պարտականութիւնը կատարելէ այս կացութիւնը սուրիական իշխանութիւններուն հետ համակարգում կատարելով վերահսկողութեան տակ առնելու, երաշխաւորելու համար անոնց անվտանգ Սուրիա վերադարձն ու Լիբանանի մէջ չմնալը»:

Ինչ կը վերաբերի իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանի մը Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու առաջարկին, Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամը յայտնեց. «Ատիկա նախապէս սկսած ամերիկեան կամք է, եւ այսօր շրջանի վերադասաւորման ծիրին մէջ անոր վրայ կ՛աշխատի նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը, եւ կան փորձեր Լիբանանը բերելու բնականոնացման հոլովոյթի Իսրայէլի հետ, որ տակաւին թշնամի կը նկատենք, եւ կը շարունակէ լիբանանեան հողեր բռնագրաւել, շարք մը բլուրներու վրայ է, եւ անոր հեռացման հոլովոյթին մէջ մեծ խնդիր կը դիմագրաւենք:

«Լիբանանեան դիւանագիտութիւնը պէտք է աշխատանք տանի միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղելու` գործադրելու վերջերս գոյացած համաձայնութիւնը, որպէսզի լիբանանեան իշխանութիւնները կարենան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը գործադրել, որովհետեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը Լիբանանի առաջնահերթութիւններէն չէ, առաջնահերթութիւնը հողերու այդ բռնագրաւումէն ազատագրումն է, եւ միջազգային ընտանիքը, մասնաւորաբար ամերիկեան վարչակազմը, որ նպաստեց նոր իշխանութեան գալուն, պէտք է դիւրացնէ առաքելութիւնը երկիրը ճիշդ ուղիի վերադարձնելու, այսինքն` թիւ 1701 որոշումը գործադրելու եւ լիբանանեան գերիշխանութիւնը վերականգնելու»:

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Քանատայի Դեսպանը Համատեղութեան Կարգով Սուրիոյ Մէջ Դեսպան Նշանակուեցաւ

Յաջորդը

Նախարար Պայրագտարեան Վարչապետ Սալամի Հետ Քննարկեց Հայ Համայնքին Առնչուող Հարցեր

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.