Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր տան մէջ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնականի տեղակալ Նաթաշա Ֆրանչեսքիի հետ, որուն կ՛ընկերակցէր Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ֆոնսընը:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ քաղաքական ու այլ զարգացումները:
Ժոմպլաթ նաեւ հանդիպում ունեցաւ Գերմանիոյ տնտեսական գործակցութեան ու բարգաւաճման հարցերու խորհրդարանական պետական նախարար Նիլզ Անինի հետ, որուն կ՛ընկերակցէր պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարի տեղակալ Զահեր Ռաատ:
Քննարկուեցան ընդհանուր կացութիւնն ու քաղաքական վերջին զարգացումները:


