Երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան հարցերու նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան ընդունեց Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնէն պատուիրակութիւն մը, որ նախարարին ներկայացուց ֆետերասիոնին պարզած կացութիւնը, աշխատանքային ծրագիրն ու յառաջիկայ արտաքին ծրագիրները մաղթելով, որ Մարզական աւանը կը վերանորոգուի եւ մարզիկներուն կազմածներու ապահովման օգնութիւն կը տրամադրուի:
Ֆետերասիոնը դրականօրէն անդրադարձաւ նախարար Պայրագտարեանի` Ողիմպիական յանձնախումբի ընտրութիւններուն մէջ համախոհութիւն գոյացնելու ուղղուածութեան: