Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան-սէուտական գործարարներու խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը:
Նախագահ Աուն յայտնեց. «Մինչեւ հիմա այցելած Ծոցի երկիրներուս ղեկավարներուն հետ հանդիպումներուս ընթացքին նկատեցի լիբանանցիներուն նկատմամբ անոնց սէրը, եւ այդ պետութիւններու զարթօնքին անոնց բերած նպաստին եւ օրէնքներն ու կանոնները յարգելնուն նկատմամբ գնահատանքը, ինչ որ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններուն մօտ պայծառ պատկերացում մը կու տայ»:
«Այն, ինչ որ ներդրողներուն, մասնաւորաբար Ծոցի շրջանէն ներդրողներուն վերադարձը կը քաջալերէ, Լիբանանի նկատմամբ անոնց վստահութեան վերականգնումն է, եւ այդ ուղղութեամբ է, որ աշխատանք կը տանինք խորհրդարանին եւ կառավարութեան հետ գործակցաբար: Իսկ բարեկարգումները, որոնք որդեգրուեցան, եւ անոնք, որոնք պիտի որդեգրուին, ապա այդ վստահութեան վերականգնման բնական սկիզբն են», ըսաւ Աուն:
Հանրապետութեան նախագահը նաեւ Լիբանանեան-պրազիլական միութեան պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանանեան սփիւռքը ազգային տնտեսութեան հիմնական թիկունք է, եւ արտասահմանի մէջ սփիւռքի գոյութիւնը նպաստեց երկրին մէջ լիբանանցիներու տոկունութեան»: