Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի Բնակչութեան ֆոնտէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Լիբանանի մէջ ֆոնտի ներկայացուցիչ Անանտիթա Ֆիլիփոսն ու արաբական պետութիւններուն մէջ շրջանային տնօրէն Լէյլա Պաքըրը:
Հանդիպումի ընթացքին երիտասարդական քաղաքականութիւններու խթանման շուրջ տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ: Պայրագտարեան այս ծիրին մէջ նախարարութեան քաղաքականութիւնը ներկայացուց, ինչպէս նաեւ այն ծրագիրները, զորս մտադիր է գործադրել:
Պաքըր իր գնահատանքը արտայայտեց պատրաստուած ծրագիրներուն որակին նկատմամբ եւ միջազգային կազմակերպութեան պատրաստակամութիւնը արտայայտեց զանոնք դրական կերպով ընկալելու ու անոնց յաջողութեան համար գործակցելու:
Հանդիպում Վարչապետի Խորհրդականին Հետ
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարը նաեւ ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հետ յարաբերութիւններու հարցով վարչապետ Նաուաֆ Սալամի թեքնիք խորհրդատու Հիպա Նաշապէն:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ներկայացնելու երիտասարդական ծրագիրները, զոր նախարարութիւնը կը պատրաստէ, ինչպէս այն, որ կը վերաբերի ազգային ռազմավարութեան եւ «Փեքթ Ֆոր Ֆիուչըր»-ի գործունէութեան առնչուող խորհրդաժողովին:
Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները կեանքի կոչելն ու զարգացնելը, ինչպէս նաեւ նախարարութեան անոնց հետ հաստատած վստահութեան թափէն օգտուելու հարցը: