Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ Ձեռքբերումները Արձանագրելու»

Մայիս 14, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ կառավարութիւնը վճռակամ է շարունակելու բարեկարգումի ծրագիրը եւ պետութեան աշխատանքը յառաջ մղելու համար անհրաժեշտ ձեռքբերումները արձանագրելու:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանան չի կրնար շարունակել իր նախկին կացութեամբ, որովհետեւ ան իրողական եւ իսկական բարեկարգումի կը կարօտի:

Սալամ այս մասին յայտարարեց Մաքասետի շրջանաւարտներու միութենէն միութեան նախագահ Մազեն Շարպաժիի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը ընդունելուն ընթացքին:

Վարչապետը նշեց, որ բարեկարգումի ծրագիրը կը սկսի դրամատուներու կացութենէն եւ պահեստի գումարներ ունեցողներուն սեփականութիւնը աստիճանաբար վերադարձնելով, սակայն ոչ նախապէս առաջարկուած տասը տարուան վրայ, այլ ատկէ նուազ ժամանակի ընթացքին:

Սալամ ըսաւ, որ անհրաժեշտ է պէտք եղած ապահովական քայլերը որդեգրել Պէյրութի կացութիւնը վերահսկողութեան տակ առնելու եւ յաւելեալ անկանոնութիւնը արգիլելու համար, ինչպէս նաեւ կազմել երթեւեկի լաւ մտածուած ծրագիր մը, որ կը նուազեցնէ խճողումը եւ կը պայքարի որեւէ տեսակի խախտումի դէմ:

Վարչապետը յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ զբօսաշրջութեան եղանակը յաջող ըլլայ` շեշտելով, որ Լիբանանի նպատակը տեւական զբօսաշրջութիւնը ամրապնդելն է, որպէսզի անիկա եղանակային չմնայ, եւ այդ ուղղութեամբ է, որ աշխատանք կը տարուի տարբեր նախարարութիւններու եւ վարչութիւններու կողմէ` կեդրոնանալով արտադրողական այլ մարզերուն վրայ, մասնաւորաբար երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստին վրայ, ինչպէս նաեւ անհատական նախաձեռնութիւններուն աջակցութեան վրայ:

Սալամ նախքան այդ հանդիպում ունեցաւ Պաղեստինցի գաղթականներու օժանդակութեան եւ գործի լծման ՄԱԿ-ի գործակալութեան` ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ռազմավարական գնահատման նախագահ Իյըն Մարթինի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի հարցերու տնօրէն Տորոթի Քլաուսի եւ Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ, դեսպան Ռամեզ Տիմաշքիէի:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան պաղեստինեան գաղթակայաններու կացութիւնը եւ պաղեստինցի գաղթականներուն կացութիւնը բարելաւելու կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի ռազմավարութեան աջակցութիւնը:

ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի պատասխանատուն Սալամին ներկայացուց պաղեստինեան Այն Հըլուէ գաղթակայան իր այցելութիւնն ու պաղեստինցի գաղթականներու կացութեան մօտէն ծանօթացումը:

Վարչապետը նաեւ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահի Լիբանանի յատուկ պատուիրակի տնտեսական խորհրդատու Ժաք Տը Լա Ժուժին` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հերվէ Մակրոյի:

Քննարկուեցաւ կառավարական բարեկարգումներու երթը, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի ելեւմտական եւ տնտեսական ոլորտներուն:

Ֆրանսական կողմը յայտնեց, որ Ֆրանսան պատրաստակամ է օժանդակելու Լիբանանի աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողովի պատրաստութեան:

 

 

Նախորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Մարմնակրթական Անվտանգութեան Միջազգային Կեդրոնի Նախագահը

Յաջորդը

«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ Վստահութեան Վերականգնումն Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025
«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը  Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ  Վստահութեան Վերականգնումն Է»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ Վստահութեան Վերականգնումն Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Մայիս 14, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Մարմնակրթական  Անվտանգութեան Միջազգային Կեդրոնի Նախագահը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Մարմնակրթական Անվտանգութեան Միջազգային Կեդրոնի Նախագահը

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?