Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Բանբերը Ռիատէն. «Լիբանանեան Բանակի Աջակցութիւնն Ու Կառավարութեան Կարիք Ունեցած Տնտեսական Աջակցութեան Տեսակները Կը Քննարկենք»

May 14, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սամ Ուորպըրկ Ռիատէն յայտնեց. «Այս այցելութեան մաս կը կազմէ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Տոհայի եւ Ապու Տապիի մէջ կարեւոր ոլորտներու մէջ համակարգումն ու գործակցութիւնը, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը կեդրոնանայ շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական ու ընկերային գործակցութեան եւ արհեստական բանականութեան թղթածրարներուն վրայ»:

Ուորպըրկ «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Թրամփ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին հետ պիտի խօսի Կազայի մէջ պատերազմի մասին, իսկ Միջին Արեւելքի ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ պիտի շարունակէ Քաթարի եւ Եգիպտոսի հետ բանակցութիւնները` աւարտելու համար այս պատերազմը, եւ շրջանի պետութիւններուն հետ համակարգում կը կատարենք»:

«Լիբանանի մէջ նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ նոր կառավարութեան ճամբով արմատական փոփոխութիւններ կան: Ամերիկան կարելիութիւն ունի առօրեայ ու ժամական դրութեամբ կապ հաստատելու պատասխանատուներուն հետ եւ լսելու անոնց կարիքները, նորութիւններն ու գանգատները», ըսաւ ան:

«Կը քննարկենք լաւագոյն կարելիութիւնը աջակցելու լիբանանեան բանակին, որ պէտք է իր վերահսկողութեան տակ առնէ Լիբանանի իւրաքանչիւր թիզը, եւ կառավարութեան հետ կը քննարկենք անոր կարիք ունեցած տնտեսական աջակցութեան տեսակները», շեշտեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

 

 

Նախորդը

Հաժժար. «Ընտրութիւններուն Մէջ Քուէներու Հաշուարկումը Կասկածէ Վեր Է, Եւ Արդիւնքները` Վստահելի»

Յաջորդը

Պայրագտարեան Ընդունեց Մարմնակրթական Անվտանգութեան Միջազգային Կեդրոնի Նախագահը

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.