Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Եւ Վրաստան Պիտի Չմասնակցին Երեւանի Մէջ «Եւրոնեսթ» Խորհրդարանական Վեհաժողովի Լիագումար Նիստին

October 28, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը պիտի չմասնակցի «ԵւրոՆեսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի 12-րդ նիստին: ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է պատուիրակութեան ղեկավար Թահիր Միրքիշիլի:

Անոր համաձայն, Եւրոպական խորհրդարանի փաստաթուղթերն ու յայտարարութիւնները, որոնք կը կազմեն ԵւրոՆեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի գործունէութեան կէսը, կը հակասեն Ազրպէյճանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան:

«Այս յայտարարութիւնները նաեւ չեն խթաներ շրջանին մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթը: Ընդհակառակն` անոնք օգտակար են շրջանին մէջ թշնամանքի շարունակութեամբ շահագրգռուած ուժերուն համար: Ազրպէյճանի խորհրդարանը բազմիցս բողոքած է անոնց դէմ: Այս տարուան օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետի միջեւ խաղաղութեան հանդիպումէն ետք, որ դրական ընդունուած է ամբողջ աշխարհի տարածքին, Եւրոպական խորհրդարանի ապակառուցողական յայտարարութիւնը կրկին խաթարած է ազրպէյճանական պատուիրակութեան վստահութիւնը ԵւրոՆեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի ծիրին մէջ այս կազմակերպութեան հետ համագործակցութեան առաւելութիւններուն նկատմամբ», յայտարարած է Միրքիշիլի:

Անոր համաձայն, այս որոշումը կապուած չէ այն փաստին հետ, որ վեհաժողովը կը գումարուի Հայաստանի մէջ:

«Այսօր Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութիւնը արդէն իսկ ապահովուած է, եւ գործնական քայլեր կը ձեռնարկուին յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար», ըսած է Միրքիշիլի:

Միւս կողմէ, Վրաստանի Եւրոպական համարկման հարցերով խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Լեւան Մախաշվիլի ընկերային ցանցերու վրայ ԵւրոՆեսթի ղեկավարութեան ուղղուած նամակին մէջ յայտարարած է, թէ Վրաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը պիտի չմասնակցի Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք լիագումար նիստին:

«Բազմակողմ երկխօսութիւնը, որ նախապէս լայնօրէն կ՛աջակցուէր վեհաժողովի մասնակիցներուն կողմէ, ցաւօք, անցեալին մէջ է: Վրաստան հետզհետէ աւելի կը մտահոգուի գործողութիւններով Եւրոպական խորհրդարանի որոշ անդամներու, որոնց թշնամական հռետորաբանութիւնն ու քայլերը կը հակասեն գործընկերութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներուն», յայտարարած է ան:

Վրաստան նաեւ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ որոշման նկատմամբ նիստին հրաւիրելու այն անձերը, որոնք մասնակցած են կամ աջակցած Վրաստանի կառավարութիւնը տապալելու եւ օրինական ժողովրդավարական հաստատութիւնները խաթարելու փորձերուն:

«Անոնց հարթակ տրամադրելով` ԵւրոՆեսթը կը բնականոնացնէ եւ կը խրախուսէ հակաժողովրդավարական վարքագիծը, կ՛արդարացնէ բռնութիւնն ու արմատական քաղաքական օրակարգերը», կը նշուի նամակին մէջ:

 

Նախորդը

Ասիոյ Երիտասարդներու Խաղեր. Հալա Մեքտաշի Արծաթէ Մետալակիր

Յաջորդը

Ալիեւն Ու Էրտողանը Հրաւիրուած Են` Երեւանի Մէջ Գումարուելիք Վեհաժողովին

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.