Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախցիներուն Մօտ Ընդվզում Յառաջացնելով` Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը Արցախը Շրջափակողը Երեւան Հրաւիրեց

Հոկտեմբեր 25, 2025
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի իշխանութիւններուն անընդունելի արարքներու ծիրին մէջ, յատկապէս արցախցիներուն մօտ ընդվզում յառաջացնող քայլով մը Հայաստան հրաւիրուած են 2022-ին Արցախը շրջափակած եւ օրին իրենք զիրենք իբրեւ կենսոլորտի պաշտպան կոչողները, որոնց ներկայութիւնը խստօրէն դատապարտեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը, որ շեշտեց, թէ այսպիսի քայլ մը մեծ վիրաւորանք է նաեւ արցախցիներու զգացումներուն:

Թէեւ hայկական կողմէ այս հանդիպումին մասնակցած Անվտանգային քաղաքականութեան հետազօտական կեդրոնի ղեկավար Արեգ Քոչինեան հաստատեց, որ կողմերը նախապէս չեն քննարկած պատուիրակութիւններու կազմերը, սակայն, Գեղամ Ստեփանեան վստահ է, որ Հայաստանի պատկան մարմինները լաւատեղեակ էին, թէ որոնք պիտի գան Երեւան, սակայն չեն ուզած արգիլել:

Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն համար ընդհանրապէս կարեւոր չեն արցախցիներուն զգացումները, ոչ միայն այս պարագային, այլ բազմաթիւ այլ դէպքերու ասիկա փաստուած է:  «Շատ յստակ կերպով կ՛երեւի, որ ընդհանուր առմամբ ո՛չ կարեկցանք կայ այդ իշխանութիւններուն կողմէ արցախցիներուն նկատմամբ, ո՛չ զգուշաւորութիւն, որ յանկարծ որեւէ քայլ չնեղացնէ, չվնասէ կամ մարդոց տառապանքները չխորացնէ», ըսաւ Ստեփանեան` աւելցնելով. «Վստահ եմ, որ պատկան մարմինները քաջատեղեակ են, բոլորին մասին տեղեկութիւն ունեցած են, այլ հարց է` որքանով ունակ են կամ կրցած են հակադարձել, ըսել, որ տուեալ անձը փափաքելի չէ: Ինծի համար ընդհանրապէս զարմանալի չէր, որ տուեալ անձերը եկան, պտտեցան եւ անոնց մէջ կար անձ մը, որ ըստ էութեան Արցախի ցեղային զտման վերջին արարին մասնակցած էր իր կենսոլորտի գործիչի կեղծ հանգամանքով»:

Արդարեւ, 21-22 հոկտեմբերին, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փորձագիտական համայնքներու ներկայացուցիչներուն նախաձեռնութեամբ եւ երկու երկիրներու պաշտօնական կառոյցներուն աջակցութեամբ` Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի քաղաքացիական հանրութեան ներկայացուցիչներու կլոր-սեղանը, որուն մասնակցողները գրկաբաց ընդունեց Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը, ողջունեց այսպիսի հանդիպումներ եւ կարեւոր նկատեց անոնց շարունակականութիւնը` «ուղղուած փոխվստահութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման»:

Բոլորին ուշադրութեան կիզակէտը դարձաւ այն երեւոյթը, որ Ազրպէյճանի պատուիրակութեան մաս կը կազմէ եւ Երեւանի մէջ Արմէն Գրիգորեանի հետ մէկ սեղանի շուրջ նստած է Տիլարա Էֆենտիեւան` այն կինը, որ շուրջ երեք տարի առաջ Լաչինի միջանցքը փակած եւ արցախահայութեան շրջափակման սկիզբ դրած այսպէս կոչուած «կենսոլորտի պաշտպաններ»-էն մէկն է, որ պատճառ դարձաւ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ արցախահայութեան սովահարութեան:

Արցախի հայաթափումէն ետք եւս հրապարակի վրայ էր Էֆենտիեւան, որ Ազրպէյճանի պետական պատկերասփիւռի կայանէն Պաքուի քարոզչական թեզերը կը կրկնէր ու կը շեշտէր, որ «քիչեր իրենց կամքով հեռացան». «Անոնք առաջին հերթին ճնշումներու կ՛ենթարկուէին այդ ժամանակուան իշխանութիւններուն կողմէ, նաեւ անոնք խուճապի մատնուեցան, մենք թէժ գիծ ստեղծեցինք, եւ հայերը մինչեւ հիմա կը հեռաձայնեն, կը դիմեն մեզի տարբեր խնդրանքներով, որ անոնց տանք վերահամարկուելու կարելիութիւններ»:

Ազրպէյճանական կողմը ներկայացնող Ֆարհատ Մամետով, Ռուսիֆ Եուսիյնով, Ռամիլ Իսքանտերլի, Քամալա Մամետովա եւ Տիլարա Աֆանտիեւա` բոլորն ալ ճանչցուած են իրենց հակահայ կեցուածքներով եւ Արցախի նկատմամբ յարձակողապաշտ դիրքորոշումներով: Օրինակ` Ֆարհատ Մամետով սեպտեմբեր 2023-ին` Արցախի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումին ընթացքին, կը շեշտէր, որ «հակաահաբեկչական գործողութիւններ կը կատարուին», իսկ շրջափակման մասին դիտել կու տար, որ անիկա կատարուած է «կենսոլորտին» պատճառով: Ռուսիֆ Եուսեյնով կը պնդէր, որ անզէն ազրպէյճանցիները պէտք է անարգել մուտք ունենան Ստեփանակերտ եւ յարակից տարածքները, ու ան բացայայտ կերպով կը յայտարարէր, որ Լաչինի միջանցքը հայերուն գլխուն վերեւ կախուած «Դամոկլեան սուր» է:

Այցելութեան ընթացքին ազրպէյճանցիները նաեւ ազատօրէն զբօսնեցին Երեւանի մէջ, լուսանկարուեցան եւ ընկերային ցանցերու վրայ տեղադրեցին իրենց նկարները:

 

Նախորդը

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?