Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. «Ապրիլ Միասին»- ի Առաջադրանքն Ու Զայն Արգելակողները

Հոկտեմբեր 13, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter
(Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան 17-րդ Վեհաժողովին Առիթով)

Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովի Երեւանի մէջ կայացումը նախ կը տեղաւորուի ֆրանսերէնի պահպանման համար պաշտօնական Փարիզի կիրարկած լեզուամշակութային քաղաքականութեան տրամաբանութեան մէջ:

Լեզուի, լեզուամշակոյթի ու ընդհանրապէս լեզուամտածողութեան պահպանումը եւ տարածումը ինքնին շեշտակիօրէն քաղաքական երանգներ, լուռ ենթանպատակներ կը ներառեն եւ ըստ էութեան տարբեր աշխարհագրական միջավայրերու մէջ պետութիւններու ներկայութեան եւ արմատաւորման նպաստող կարեւորագոյն ազդակ են` պատմական ժամանակներէն ի վեր: Այս պարագային նաեւ լեզուական եւ մշակութային հարցերէն աւելին է` քաղաքակրթութեան տարածման առումով:

Պարզ է, որ ֆրանսախօսութիւնը նահանջած է: Նահանջած է ոչ թէ անպայման առաջին մտածումով զիջելով անգլերէնին, որովհետեւ անգլերէնը ինքը անընդհատ ձեւափոխումներու ենթարկման հոլովոյթի մէջ է: Համատարած է այսօր համացանցերէնը, որ սղագրութիւններով, պատկերատառերով, լատինատառերու եւ տուեալ լեզուի խառնուրդներով վերածուած է արագ հաղորդալեզուի: Արհեստագիտութեան նոր քաղաքակրթութիւնը ձեւախեղած է դասականը եւ անոր հետ նաեւ դասական լեզուները, որոնք նաեւ զարգացման դասական եղանակով նորոգուելու եւ վերանորոգուելու ընթացքի մէջ ըլլալու  դերին մէջ են:

Նոր քաղաքակրթութիւնը ֆրանսայի նախագահին ընկալումով աշխարհակարգ մը ձեւաւորած է, որ կը յատկանշուի սուտով, ատելութեան քարոզչութեամբ եւ վերջին տասնամեակներուն համախմբուելու համար  գործած կանոններուն չէզոքացումով ու վերացումով: Ուստի, ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը պէտք է վերածուի վերստին համախմբուելու սթափութեան հարթակի:

Գերտէրութեան մը ներկայացուցիչին կողմէ հնչեցուած ահազանգը, իրավիճակը բնութագրող իր տուած յատկանիշներով, կը խօսի ըստ էութեան անհատական, մարդկային արժեհամակարգի մը ի սպառ բացակայելու դատապարտումին միտող այսօրուան իրադրութիւններուն մասին:

Եթէ սուտը պիտի ընկալուի իբրեւ գերտէրութիւններու կողմէ իրականանալի ռազմական միջամտութեան համար պատրուակային հիմնաւորում, ապա ատելութեան քարոզչութիւնը` զանգուածային տարողութեամբ մարդկային կեանքերու հաշուոյն պատերազմներ հրահրելու հզօր մեքենայ: Գերնպատակներու համար կիրարկուող այս միջոցները հիմնովին կ՛արգելակեն մարդոց, հաւաքականութիւններու եւ պետութիւններու համախմբումները կամ 17-րդ վեհաժողովի կարգախօսով` «Միասին ապրիլ»-ը:

Վեհաժողովին Երեւանի մէջ կայացումը եւ այդ շրջագիծին մէջ տարբեր առիթներով կատարուած Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ դատապարտման հրամայականի կամ արցախեան տագնապի էութեան հիման վրայ մարդու տարրական ինքնորոշման իրաւունքի յիշեցումները կը վերաբերին նաեւ մեր ազգային խնդիրներուն: Այնտեղ նկատելու համար, որ սուտը կամ ժխտողականութիւնը եւ զանոնք կիրարկողները իրե՛նք է, որ կ՛արգելակեն համախմբուիլը կամ միասին ապրիլը: Կը փակեն ճանապարհները եւ կ՛արծարծեն նախապայմանները: Իսկ արցախեան տագնապին առումով ատելութեան քարոզչութիւն իրականացնողները չեն յարգեր միջազգային պայմանաւորուածութիւնները եւ կը հարուածեն բանակցային խաղաղ ճանապարհային գործընթացները:

Սթափութեան կոչը` կլիմայական հարցերու, միջազգային ահաբեկչութեան դէմ համախմբուած աշխատելու, քաղաքակրթական արժեհամակարգերը վերականգնելու եւ նման հարթակ լիարժէք օգտագործելու, ուրեմն կը վերաբերի նաեւ ազգային խնդիրներու: Սթափ ընկալելու նաեւ այն անհրաժեշտութիւնը, որ Ցեղասպանութիւնը պատժելի եւ հատուցելի  յանցագործութիւն է, որ ժխտողականութիւնը մերժելի է եւ ատելութեան պետական քարոզչութիւն տարածելը խաղաղ գործընթացները արգելակող գործօն է:

Երեւան ժամանած աշխարհի 84 երկրի պաշտօնատարները ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին ընդգծած հրամայականներուն ընդառաջ սթափ գնահատական տալու անհրաժեշտութեան առջեւ են` միասին ապրելու կամ համախմբուելու առաջադրանքներու իրականացման դէմ արգելքներ դնող պետութիւններու կիրարկած քաղաքականութեան: Անոնց շարքին` նաեւ Անգարային եւ Պաքուին: Սկզբունքով` նախ անոնց:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Արաբական Ակումբներու 31-րդ Ախոյեանութիւն. Իթթիհատ Իսքանտարի Տիտղոսակիր` Յաղթելէ Ետք Պէյրութի (74-70)

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?