Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Մէջ Թրքական Դերակատարութեան Փոխակերպումը. Զօրակցականէն` «Ժիհատ»ական

November 28, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԻՒՍԷՅՆ ՄԱԼԼԱՀ

Սուրիական ճգնաժամի սկզբնական օրերուն թուրք պաշտօնատարները շատ խիստ ոճ որդեգրեցին սուրիական իշխանութիւններուն դէմ, եւ սպառնական շեշտերով պահանջեցին իրականացնել բարեփոխումներ եւ բարեկարգումներ: Շուտով թուրքերը սկսան իրերայաջորդ նախատեսութիւններ կատարել, թէ որքան շուտ պիտի տապալի սուրիական վարչակարգը: Իրենց նախատեսութիւններուն հիման վրայ թուրքերը սկսան մշակել «Նոր Սուրիոյ» առնչութեամբ իրենց քաղաքականութիւնները: Բայց Սուրիոյ դէպքերը Անգարայի ցանկացած ուղղութեամբ չընթացան: Ստիպուած` թուրքերը անցան գործնական միջամտութեան, առաջին հերթին` ապաստան ու խարիսխ պարգեւելով սուրիական քաղաքական ու զինուորական ընդդիմութիւններու շարժումներուն, ապա խրախուսելով անոնց զինարշաւն ու քաջալերելով, որ յաւելեալ գործողութիւններ կատարեն սուրիական բանակին դէմ:

Իրերու եւ դէպքերու բանական ընթացքը շարունակուեցաւ` յանգելով թրքական ուժերու սուրիական մարտադաշտերուն վրայ ուղղակի միջամտութեան: Արդարեւ, վերջերս յաճախակի դարձան տեղեկատուական եւ դիւանագիտական քուլիսներու մէջ զրոյցները, թէ թրքական մասնայատուկ ուժեր ներկայութիւն են բազմաթիւ սուրիական շրջաններու մէջ, մանաւանդ` Թուրքիոյ սահմանամերձ շրջաններու մէջ, ուր ուղղակի մասնակցութեամբ թափ տուին Հալէպի եւ Իտլիպի մէջ սուրիական բանակին եւ քաղաքացիներուն դէմ «ընդդիմադիր»-ներու գործողութիւններուն:

Սուրիական Հակամարտութեան Մէջ Թուրքիոյ
Վերապահուած
Դերն Ու Նպատակները

Աւելի քան քսան ամիս անցած է սուրիական հակամարտութեան բռնկումէն, եւ ընդդիմութեան բազմաթիւ հատուածները կը մնան անկարող` կատարելու արաբական, թրքական եւ միջազգային ուժերու կողմէ իրենց տրուած պարտականութիւնը. անոնք ցարդ չեն կրցած սուրիական բանակին եւ կեդրոնական իշխանութեան հակակշիռէն խլել լայն հողատարածքներ ու նահանգներ, որպէսզի կարենան «մեկուսացման» կամ «ապահով» գօտիներ ստեղծել` զանոնք մեկնակէտ դարձնելու Դամասկոսի դէմ վերջնական հարուածին: Անոնք ցարդ ոչ իսկ մէկ պարտութեան կրցան մատնել սուրիական բանակը:

Ընդդիմադիր զինեալներուն մեծագոյն իրագործումները հանդիսացան Հալէպի եւ անոր շրջակայ գիւղական շրջաններուն մէջ թաղամասեր ու գիւղեր գրաւել, (թէեւ զինեալներուն մեծամասնութիւնը բնիկ հալէպցիներ չէին, այլ` եկուորներ). զինեալները արաբ եւ օտար զինեալներու օժանդակութեամբ մարտեր մղեցին սուրիական բանակին դէմ, եւ այդ օժանդակութիւնը կոչուեցաւ «Ժիհատ»` սրբազան պատերազմ: Զինեալ խմբաւորումները նոյն օտար տարրերուն հետ կրցան մուտք գործել նաեւ Իտլիպ նահանգի կարգ մը շրջաններ, ինչպէս` Մաարաթ Նաաման եւ Ժապալ Զաուիա: Հոն բացայայտ դարձաւ օտար նեցուկին տարողութիւնը` թէ՛ զինեալներու սպառազինման, թէ՛ զանոնք մարզելու, թէ՛ ալ անոնց օժանդակող կամաւորներու ներհոսքը ապահովելու իմաստով: Այս նեցուկն ու օժանդակութիւնը շնորհեց թրքական կառավարութիւնը, որ պատսպարեց զինեալներն ու անոնց ղեկավարները, համակարգեց անոնց զանազան հատուածներու գործողութիւնները եւ ստեղծեց զինեալներու մարզումի կեդրոններ:

Թրքական դերակատարութիւնը հոս կանգ չառաւ, թրքական գաղտնի սպասարկութիւնները, Ծոցի (Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ) ֆինանսաւորումով, գլխաւոր աշխատանքը տարին երկփեղկելու բանակն ու պետական պաշտօնէութիւնը եւ քաջալերելու սպաներու եւ պաշտօնատարներու դասալքութիւնն ու ընդդիմութեան ճամբար անցնումը:

Նոյն ատեն, թրքական գաղտնի սպասարկութիւնները (Արեւմուտքի, մանաւանդ` ամերիկեան ու բրիտանական արհեստագիտութեան օժանդակութեամբ) հետախուզական տուեալներ կը հաղորդէին զինեալներուն` սուրիական բանակի շարժումներուն մասին: Ասոր վրայ աւելցաւ Էրտողանի եւ շրջանի այլ երկիրներու կառավարութիւններուն հրահրած միջդաւանական կիրքերը, որոնց նպատակն էր հարուածել սուրիացի ժողովուրդին միասնութիւնը:

Զինեալներու Ձախողութիւնը Էրտողանին
Ստիպեց
Ուղղակի Միջամտել Մարտերուն

Հակառակ թրքական կառավարութեան կողմէ կամ անոր խողովակով մատուցուած բոլոր օժանդակութիւններուն` զինեալները ձախողեցան ու չկրցան իրականացնել «կղզիացած» մեծ շրջաններ ստեղծելու ծրագիրը: Ստիպուած` թուրքերը աւելի մխրճուեցան սուրիական ներքին տագնապին մէջ եւ սկսան պատրուակներ հնարել` արդարացնելու իրենց ուղղակի միջամտութիւնը. այդ պատրուակներէն մէկն էր անյայտ աղբիւրէ սուրիական ռումբերու թրքական սահմանէն ներս պայթումը, որմէ ետք Անգարա փութաց «ինքնապաշտպանութեան համար» հարուածելու սահմանապահ սուրիական ուժերը եւ նոյն առիթով ճամբայ բացաւ ընդդիմադիր զինեալներուն:

Դէտեր նկատել տուին, որ Անգարա այդ ռմբակոծումները շահագործեց նաեւ հրահրելու Սուրիոյ դէմ ՕԹԱՆ-ի կամ ՄԱԿ-ի քայլեր, հակառակ որ ոչ մէկ կողմ կրցաւ ճշդել ու ապացուցել թրքական շրջանները Սուրիայէն ռմբակոծած կողմի ինքնութիւնը: Բազմաթիւ հեղինակաւոր արեւմտեան աղբիւրներ զգուշացուցին, որ այդ գործողութիւնը կրնայ «դասաւորուած» ըլլալ Դամասկոսի հակառակորդ ներքին կամ արտաքին կողմէ մը, յաւելեալ գործնական օժանդակութիւն պարգեւելու ընդդիմադիրներուն: Այդպէս ալ եղաւ. թէեւ Դամասկոս պատրաստակամութիւն յայտնեց թրքական բանակին հետ կազմելու միացեալ յանձնախումբ, որ հետաքննութիւն կատարէ ռմբակոծումի դէպքին շուրջ, հակառակ ասոր, սակայն թրքական բանակը սաստիկ ռմբակոծումի ենթարկեց սուրիացի սահմանապահներու դիրքերը` հնարաւորութիւն ընձեռելով հարիւրաւոր զինեալներու, որ Թուրքիայէն անցնին սուրիական Հալէպ եւ Իտլիպ նահանգներ:

Յաւելեալ մագլցում պատճառելով` Թուրքիա բռնի էջք պարտադրեց ու խուզարկեց Սուրիա ուղղուող քաղաքային օդանաւեր, այս արարքներուն պատրուակ ծառայած զէնքեր փոխադրելու կասկածները արդարացնող ոչ մէկ տուեալ Երեւան եկաւ ցարդ:

Թրքական Յատուկ Ուժեր Ընդդիմադիրներու
Կողքին Կը Կռուին Սարաղեպի Մէջ

Իտլիպ նահանգի Սարաքեպ քաղաքը սուրիական բանակին ու ընդդիմադիր զինեալներուն միջեւ պատերազմի մարտադաշտերէն մէկն է: Վերջերս բացայայտուեցաւ հոն մղուող կռիւներուն թրքական զինուորական մասնակցութիւնը, եւ յայտարարուեցաւ, որ թրքական յատուկ ուժերէն ջոկատներ, վարչապետ Էրտողանի անձամբ արձակած հրահանգով, կը մասնակցին մարտերուն` ընդդիմադիրներուն կողքին: Բազմաթիւ տեղեկատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ սուրիական բանակը մարտական գործողութիւններու ատեն սպաննած ու գերի բռնած է բազմաթիւ թուրք զինուորներ:

Լիբանանցի նախկին երեսփոխան Նասէր Քանտիլի «Թոփ նիուզ» լրատուական ցանցը հաղորդեց, որ Թուրքիա սուրիացի զինեալներուն հայթայթած է «Սթինկըր» տիպի ամերիկեան հակաօդային հրթիռներ` առանց Ուաշինկթընի թոյլատուութեան: Այս հրթիռները որոշ վնասներ հասցուցին սուրիական օդուժին, աւելցուց նոյն աղբիւրը:

Կարճ ատեն ետք, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ սուրիական զինեալ խմբաւորումները վերջերս ստացած են 50 «Սթինկըր», եւ զգուշացուց, թէ զինեալները այդ հրթիռները կրնան արձակել քաղաքային օդանաւերու վրայ:

Նոյն ծիրին մէջ թրքական կողմը փորձեց կաշկանդել սուրիական օդուժի սահմանամերձ սուրիական շրջաններու մէջ գործունէութիւնը` հակաօդային զէնքերով սպառնալով անոր: Այս քայլն ալ սահմանամերձ շրջաններու մէջ սուրիացի ընդդիմադիրներուն օժանդակելու նպատակով առնուեցաւ:

Սուրիոյ Մէջ Թրքական Միջամտութեան
Ցարդ
Տուած Արդիւնքներն Ու Ճակատագիրը

Գետնի վրայ տուեալները ցոյց կու տան, որ Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական միջամտութիւնը պիտի ունենայ նոյն ճակատագիրն ու հետեւանքները, զորս ունեցան Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուի նախատեսութիւնները` Ասատի մօտալուտ տապալումին մասին. այսինքն` ամբողջական յուսախաբութիւն եւ խայտառակութիւն: Էրտողանի եւ Տաւութօղլուի ընթացքը զիրենք, իրենց կուսակցութիւնն ու Անգարան մատնեց նեղ կացութեան, որուն հետեւանքները սկսան երեւան գալ Թուրքիոյ ներքին բեմին վրայ: Օրըստօրէ յստակ կը դառնայ, որ Սուրիական վարչակարգը տապալելու «խաղ»-ը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարած Թուրքիայէն շատ աւելի մեծ «խաղ» մըն է: Յառաջիկայ օրերը կրնան ցոյց տալ, որ «Օսմանեան կայսրութիւնը վերակենդանացնելու երազ»-ի ուղղութեամբ առաջին քայլը Սուրիան պիտի չըլլայ, եւ յուսախաբ կրնան ըլլալ երազողները:

«Մանար»

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Նշան Փալանճեան Բարերարը Եւ Հայ Ճեմարանը

Յաջորդը

Թուրքիայի Իսլամ Փոքրամասնութիւնները

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.