Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Եւ «Օրինաց Երկիր»-ի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

November 19, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

17 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի եւ Օրինաց երկիր կուսակցութեան ներկայացուցիչներու հանդիպում` ներկայութեամբ Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչներ Արմէն Ռուստամեանի, Աղուան Վարդանեանի եւ Արսէն Համբարձումեանի, իսկ Օրինաց երկիրէն` փոխնախագահներ Հեղինէ Բիշարեանի եւ Մհեր Շահգելդեանի: Հանդիպումին հիմնական նիւթը եղած է Դաշնակցութեան 7 կէտերէ բաղկացած առաջարկները:

«Երկիր»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ Օրինաց երկիրի ներկայացուցիչներուն հետ կայացած այս խորհրդակցական հանդիպումին առնչուող պաշտօնական տեսակէտը պիտի արտայայտէ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը: Անոր համաձայն, Օրինաց երկիրի կեցուածքը յստակ է առաջադրուած երկու հարցերու` 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգի եւ կառավարման խորհրդարանական համակարգին վերաբերեալ, ուստի այս հանդիպումին աւելի մանրամասն կերպով խօսուած է միւս 5 կէտերուն մասին:

«Ներկայացուցինք իւրաքանչիւր կէտի, սկզբունքի, դրոյթի առաջադրանքը, մեր պարզաբանումը, որպէսզի աւելի ամբողջական պատկերացում կազմեն: Բնականաբար, այս քննարկումը նախնական էր, բայց առաջին տպաւորութեամբ կարելի է ըսել, որ որոշ կէտերու վերաբերեալ կար մօտեցումներու նոյնացում, իսկ այլ կէտերու վերաբերեալ` ընդհանրութիւններ», նշած է Վարդանեան:

ՀՅԴ-ն այս խորհրդակցական հանդիպումներէն ետք պիտի կայացնէ լայնածաւալ քննարկումներ` հասարակութեան աշխուժ հատուածի, փորձագէտներու, կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու, լրատուամիջոցներու մասնակցութեամբ. այս քննարկումներուն մասնակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ Օրինաց երկիրը:

Աղուան Վարդանեան վստահեցուցած է, որ Դաշնակցութիւնը համահաւասար մօտեցում ունի քաղաքական դաշտի բոլոր ուժերուն նկատմամբ, անկախ անոնց դիրքէն:

Նշենք, որ այսօր` երկուշաբթի, տեղի պիտի ունենայ ՀՅԴ-ՀԱԿ հանդիպումը: Հանդիպումի առաջարկ ներկայացուած է նաեւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան, Ժառանգութեան եւ Ազատ դեմոկրատներուն:

 

 

Նախորդը

Ուրուկուէյ Կը Փափաքի Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորումի Հասնիլ

Յաջորդը

1 Շաբթուան Ընթացքին` Ազրպէյճանական 200 Զինադադարի Խախտում

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.