Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակին կողմէ փոխանցուած տուեալներուն համաձայն, նախորդ շաբթուան ընթացքին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ հակառակորդը աւելի քան 200 անգամ խախտած է զինադադարը: Արդարեւ, ազրպէյճանական կողմէն հայկական կողմ արձակուած են շուրջ 600 կրակոցներ` տարբեր տեսակի հրաձգային զէնքերէ:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի լրատուութեան եւ քարոզչական բաժինէն փոխանցուած լուրերուն համաձայն, բանակի յառաջապահ զօրամասերը` տուրք չտալով հակառակորդի սադրիչ գործողութիւններուն, չեն հակազդած, այլ սահմանին վրայ կատարած են մարտական խիստ հսկողութիւն եւ հերթապահութիւն:


