Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուրուկուէյ Կը Փափաքի Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորումի Հասնիլ

November 19, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող եւ այս ծիրին մէջ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղ այցելած Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը 17 նոյեմբերին հանդիպում ունեցան Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողներուն եւ դասախօսական կազմին հետ:

Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան ողջունեց բարձրաստիճան հիւրերը եւ նշեց, որ թէեւ երկու պետութիւններուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած են 1992 թուականին, բայց եւ այնպէս Հայաստան մեծապէս կը գնահատէ այն բարոյական աջակցութիւնը, զոր Ուրուկուէյ մնայուն կերպով ցուցաբերած է Հայաստանի եւ հայութեան նկատմամբ: «Ուրուկուէյը գրեթէ 20 հազար հայերու տունն է: Մենք միշտ կը յիշենք ու կը գնահատենք այն փաստը, որ Ուրուկուէյ առաջին պետութիւնն է, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` ճամբայ բանալով ոճրագործութեան դատապարտման եւ միջազգայնացման գործընթացին դիմաց, հաստատեց Սիմոնեան:

Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոն նշեց, որ Ուրուկուէյ թէեւ պաշտօնական դիրքորոշում չէ որդեգրած Լեռնային Ղարաբաղի հարցին առնչութեամբ, բայց եւ այնպէս մեծապէս հետաքրքրուած է նպաստելու խաղաղութեան հաստատման գործընթացին: Ան դիտել տուաւ, որ դիւանագիտական կառոյցները պէտք է նպաստեն, որ հարցը լուծուի առանց արիւնահեղութեան, խաղաղ միջոցներով:

Օրիքօ ներկաներուն ներկայացուց Ուրուկուէյի ժողովրդավարական հիմքերը, պատմութիւնը, աւանդութիւններն ու առանձնայատկութիւնները: Ան կոչ ուղղեց ուսանողներուն` երբեք առիթ չտալու, որ ուրիշներ իրենց տեղ որոշում տան:

«Պէտք է ընտրել գիտակցելով, միայն այն ատեն երջանիկ կ՛ըլլաք: Մարդ երջանիկ կ՛ըլլայ, երբ յետադարձ հայեացք նետելով ինքնիրմէ գոհ կ՛ըլլայ ու կը ճանչնայ ինքզինք: Երբեք մի դաւաճանէք իւրաքանչիւրին մէջ գոյութիւն ունեցող մանուկին», եզրափակեց ան:

Խորխէ Օրիքօ չուզեց մենաբանել Ուրուկուէյի պատուիրակութեան Լեռնային Ղարաբաղ տուած այցելութեան լոյսին տակ Ազրպէյճանի կողմէ հրապարակուած բողոքագիրին գծով իր կեցուածքը: Ան անգամ մը եւս շեշտեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները մեծ կարեւորութիւն ունին Ուրուկուէյի համար:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Ընդգծեց Լիբանանի Անկախութիւնն Ու Գերիշխանութիւնը Պահպանելու Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Եւ «Օրինաց Երկիր»-ի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.