Վկայակոչելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջը` «Արմենփրես» յայտնեց, որ Արժանթինի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանութիւնը, որ հաւատարմագրուած է նաեւ Ուրուկուէյի մէջ, բողոքագիր յղեց Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութեան` Ներկայացուցիչներու տան պատուիրակութեան Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու վերաբերեալ:
Բողոքագիրին մէջ կը նշուի, որ «ուրուկուէյցի գործիչներու այցելութիւնը անօրինական եղած է, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արտասանած անոնց կարծիքները անյարգալից վերաբերմունք էին Ազրպէյճանի գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ «միջազգային մակարդակով ճանչցուած» սահմաններու անձեռնմխելիութեան նկատմամբ»: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեղադրեց Ուրուկուէյը` խնդիրին խաղաղ լուծման վրայ բացասաբար ազդելուն համար: Բողաքագիրին մէջ կոչ ուղղուած է` մանրամասնօրէն հետաքննելու այս միջադէպը եւ անոր արդիւնքներու մասին տեղեկացնել Ազրպէյճանին:


