Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ներկայ գտնուեցաւ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած արաբական դրամատնային տարեկան խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ Լիբանանի առաւելութիւնը այն է, թէ ան տակաւին կը պահպանէ իր իւրայատկութիւնը` դժուար պայմաններուն ընթացքին, իսկ իր կողքին բարեկամներ ապահովելու իրականութիւնը:
Իր խօսքը ուղղելով իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր քաղաքական բոլոր անձնաւորութիւններուն` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն առաջին իսկ հարցէն կամ տագնապէն անձնատուր ըլլալ: Ան հաստատեց, որ Աստուած Լիբանանին բազմաթիւ յատկանիշներ եւ լիբանանցիներուն շատ մը արժանիքներ շնորհած է, ուստի պէտք է անոնց յարգը գիտնալ եւ չօժանդակել այն կողմերուն, որոնք կը փափաքին ոտնակոխել այդ արժանիքները:
Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց` Լիբանանի մէջ քաղաքականութիւնը օգտակար աղբիւր մը դարձնել` տնտեսական կացութեան բարգաւաճման:
Այս շրջագիծին մէջ, վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի ներդրումներ ապահովելու եւ դրամատնային մարզին աշխատանքը աշխուժ պահելու գծով:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի այսօր հանդիպում պիտի ունենայ Իրանի ուժանիւթի նախարար Մեժիտ Նամժուի հետ:


